«Իսրայէլին 8 Տարուան Կեանք Մնացած Է» Կ՛ըսէ Համաս

Hamas«Վրեմիա» կը հաղորդէ, որ Կազայի ներքին գործոց նախարար, պաղեստինեան Համաս շարժումի ներկայացուցիչ Ֆաթհի Համատ յայտարարած է, որ Իսրայէլին 8 տարուան կեանք մնացած է:

Համասի համոզումով` 2022-ին Իսրայէլի տեղ Պաղեստինը պիտի ըլլայ:

Ան ընդգծած է, որ Իսրայէլ պարտուած է պաղեստինցիներուն դէմ բոլոր նախորդ պատերազմներուն ընթացքին, այն ժամանակ, երբ պաղեստինցիները կը շարժին դէպի Աքսայի մզկիթի ազատագրումը:

«Մենք պիտի հասնինք մեր նպատակներուն 8 տարուան ընթացքին: Մենք պատրաստ ենք ժիհատին եւ տանջանքներուն: Մենք պիտի ոչնչացնենք մեր թշնամին», յայտարարած է ներքին գործոց նախարարը:

Համաս կրկնած է սպառնալիքներու այն շարքը, որ յայտարարուած էր նոյեմբերին. «Դուք` սիոնականներդ, տեղ չունիք Պաղեստինի հողերուն վրայ: Մենք ձեզ պիտի վտարենք մեր հողերէն: Ժիհատն ու չարչարանքները` Ալլահի անունով, մեր ճակատագիրն են»:

Share this Article
CATEGORIES