«Եւրոպական Միութիւնը Ապագային Վարկատու «Եռեակ»-ի Կարիքը Պիտի Չունենայ» Կ՛ըսէ Թրիշէ

Ժան Քլոտ Թրիշէ

Ժան Քլոտ Թրիշէ

«Վրեմիա» կը հաղորդէ, որ 2003-2011-ին Եւրոպական կեդրոնական դրամատան ղեկավարիչի պաշտօնը վարած Ժան Քլոտ Թրիշէ Սթրազպուրկի մէջ Եւրոպական խորհրդարանի անդամներուն հարցումներուն պատասխանելու ընթացքին յայտնած է, որ Եւրոպական Միութիւնը ժամանակի ընթացքին պիտի դադրի զգալ միջազգային վարկատու «եռեակ»-ի` Եւրոպական յանձնաժողովի, Միջազգային դրամական ֆոնտի ու Եւրոպական կեդրոնական դրամատան կարիքը:

Ըստ անոր, Եւրոպական Միութեան մէջ նոր հակաճգնաժամային մեքանիզմը կառուցուած պիտի ըլլայ ոչ թէ խնդիրներու լուծման ուղիներու որոնման, այլ այդ խնդիրներու կանխարգիլման սկզբունքին հիման վրայ:

«Վարկատու «եռեակ»-ի սկզբունքը աստիճանաբար պիտի վերցուի: Եւրոպական Միութեան մէջ աւելի խիստ հիմնարար համաձայնութիւնները տնտեսական աճի նուազագոյն կշռոյթներու եւ պետական պարտքի առաւելագոյն չափի վերաբերեալ, թոյլ չէին տար Յունաստանի ու Փորթուգալի պէս երկիրներու իշխանութիւններուն իրենց տնտեսութիւնները հասցնել անկումի», ըսած է Թրիշէ:

Share this Article
CATEGORIES