Բրիտանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կը Զգուշացնէ. Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Պարագային Սկովտիոյ` Եւրոպական Միութեան Անդամակցութիւնը Կ՛աւարտի

Տէյվիտ Լիտինկթըն

Տէյվիտ Լիտինկթըն

ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Բրիտանիոյ Եւրոպական Միութեան հարցերով նախարար Տէյվիտ Լիտինկթըն յայտարարած է, որ եթէ Սկովտիան դուրս գայ Բրիտանիոյ կազմէն, անոր Եւրոպական Միութեան անդամակցութիւնը կ՛աւարտի եւ միութեան անդամակցութիւնը տարիներ պիտի տեւէ:

Ըստ Լիտինկթընի, Սկովտիա պէտք է լուծէ շարք մը խնդիրներ, նախ եւ առաջ` պէտք է իր սեփական պիւտճէն ու դրամանիշը համապատասխանեցնէ Եւրոպական Միութեան արժէչափերուն:

Սկովտիոյ անկախութեան հանրաքուէն տեղի պիտի ունենայ 18 սեպտեմբերին: Վերջին հարցախոյզները ցոյց կու տան, որ հանրաքուէն այսօր տեղի ունենալու պարագային Սկովտիոյ բնակչութեան 60 առ հարիւրը անկախութեան դէմ պիտի քուէարկէ:

Share this Article
CATEGORIES