Վրաստան Զայրացած Է Ողիմպիական Խաղերու Պատճառով Ռուս-Աբխազական Սահմանային Գօտիին Ընդլայնումէն
«Կրուզիա օնլայն» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով «խոր անհանգստութիւն» յայտնած է Ռուսիոյ եւ Աբխազիոյ սահմանային գօտիին մէջ 20 յունուարէն 20 մարտ ընդլայնում կատարելու վերաբերեալ:
Աբխազիոյ կառավարութեան որոշումով` Կակրայի շրջանին մէջ Ռուսիոյ հետ պետական սահմանը 11 քիլոմեթրով խորացուած է դէպի Աբխազիոյ տարածք: Սահմանային գօտին ընդլայնուած է Մոսկուայի հետ համաձայնեցումէն ետք, ինչ որ կապուած է Սոչիի Ողիմպիական խաղերուն ընթացքին անվտանգութեան միջոցառումներու խստացման հետ:
Իրենց հաղորդագրութեան մէջ վրացի դիւանագէտները Ռուսիոյ կոչ ուղղած են` «դադրեցնելու սադրիչ քաղաքականութիւնը Վրաստանի նկատմամբ եւ կատարելու ստանձնուած միջազգային պարտաւորութիւնները»:
«Վրաստանի տարածքին մէջ առանց Վրաստանի կառավարութեան հետ համաձայնութեան սահմանային գօտիի ստեղծումը երկրի տարածքային ամբողջականութեան ու անկախութեան նկատմամբ ոտնձգութիւն մը եւս է եւ Ռուսիոյ կողմէ միջազգային պարտաւորութիւններու կոպիտ խախտում», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

