Նեթանիահու Կը Սպառնայ Մօտ Օրէն Համասին Լաւ Դաս Մը Տալ

Հարփըր եւ Նեթանիահու
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու երէկ յայտնեց, որ պաղեստինեան Համաս շարժումն ու «ահաբեկչական այլ կազմակերպութիւններ» իսրայէլեան բուռն հակազդեցութենէն պէտք է զգուշանան, եթէ որոշեն յարձակում գործել:
Նեթանիահու Քանատայի վարչապետ Սթեֆըն Հարփըրի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին լրագրողներու յայտնեց, որ «եթէ Համաս եւ ահաբեկչական մնացեալ կազմակերպութիւնները իրենց առած դասը մոռցած են, անոնց շուտով ուժեղ կերպով պիտի յիշեցնենք»:
Ան այդ յայտարարութիւնը կը կատարէր, մինչ Իսրայէլ-Կազա սահմանին վրայ լարուածութիւնը երկուշաբթի օրուընէ ի վեր մագլցում կ՛արձանագրէ: Երկուշաբթի օր Կազայէն արձակուած հրթիռ մը ինկաւ Աշքելոնի մէջ գտնուող դպրոցի մը մօտ, իսկ Սինայի թերակղզիէն երկու այլ հրթիռներ արձակուեցան Հարաւային Իսրայէլի Իլաթ քաղաքին դէմ: Իսրայէլ մէկ օր առաջ օդային յարձակում մը գործեց Կազայի դէմ` հակադարձելով այդտեղէն կատարուած հրթիռարձակումի մը:
Նեթանիահու Հարփըրի կողքին կանգնած յայտարարեց, որ «Քանատա եւ Իսրայէլ կ՛ուզեն տեսնել Միջին Արեւելք մը, որ աւելի ապահով եւ աւելի ազատ է»:

