«Ժընեւ-2» Խորհրդաժողովը Այսօր Ընթացք Կ՛առնէ «Իրանի Հրաւէրը Յետս Կոչելը Սխալ Է» Ըսաւ Լաւրով

Սերկէյ Լաւրով
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով 2013-ի ընթացքին ռուսական դիւանագիտութեան աշխատանքներու արդիւնքներուն նուիրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ «ահաբեկչութեան դէմ պայքարը պէտք է Սուրիոյ շուրջ «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին առաջնահերթութիւնը ըլլայ»` նշելով, որ «Ռուսիա իր կարելին կ՛ընէ Սուրիոյ մէջ քաղաքական լուծում մը գտնելու համար»:
«Սուրիոյ տագնապին մէջ կարեւորը ծայրայեղականութեան եւ ահաբեկչութեան վտանգի անհետացումն է», ըսաւ ան:
Ռուսական դիւանագիտութեան պետը ընդգծեց, որ «Իրանի հրաւէրը յետս կոչելը սխալ է, սակայն աղէտ մը չէ. Իրան պէտք է Սուրիոյ տագնապի լուծման մասնակից կողմ մը ըլլայ»` աւելցնելով, որ «Իրանի` «Ժընեւ-2»-ին ներկայ չգտնուիլը հարցականներ կը ստեղծէ, որովհետեւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի Սուրիոյ տագնապի լուծման մէջ անոր դերը ընդունեց»:
Լաւրով ըսաւ, որ «Իրանի ուղղուած հրաւէրը յետս կոչելը ՄԱԿ-ի վարկին ամրապնդման չի նպաստեր»: «Իրանի` «Ժընեւ-2»-ին մասնակցութիւնը մերժելը ցոյց կու տայ, թէ գոյութիւն ունին կողմեր, որոնք կը ջանան իսլամական աշխարհին մէջ պառակտումը խորացնել», ըսաւ ան:
Լաւրով նշեց, որ Սուրիոյ շուրջ ռուս-ամերիկեան նախաձեռնութիւնը վարչակարգի փոփոխութեան սկզբունքը չի պարունակեր` աւելցնելով, որ սուրիական ընդդիմութեան բոլոր կողմերը պէտք է մասնակցին միջսուրիական երկխօսութեան:
«Մեզ մտահոգողը Սուրիական ազատ բանակի տկարութիւնն է, որովհետեւ այսպէս կոչուած Ժապհաթ Նուսրան, ՏԱՀԵՇ-ն ու մնացեալ խմբաւորումները ահաբեկչական կազմակերպութիւններ են», ըսաւ Լաւրով:
Զարիֆ. «Պան Քի Մունի Կատարածը ՄԱԿ–ի
Ընդհանուր Քարտուղարի Մը Չի Վայելեր»
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի կողմէ Իրանի ուղղուած հրաւէրին յետս կոչման նկատմամբ ցաւ յայտնեց: «Պան Քի Մուն անցեալ շաբաթ քանի մը անգամ հեռաձայնեց ինծի: Իրեն անկեղծօրէն յայտարարեցի, որ մենք կը մերժենք խորհրդաժողովին նախապայմաններով մասնակցիլ», նշեց Զարիֆ:
Ան ըսաւ, որ «այս վարմունքը ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի մը չի վայելեր»:
Իրանի խորհրդարանի Ազգային ապահովութեան եւ արտաքին յարաբերութեանց հարցերով յանձնախումբի նախագահ Ալատին Պորուժերտի յայտնեց, որ «Ամերիկան Սուրիոյ տագնապին վերջ տալ չ՛ուզեր, այդ պատճառով ալ Ժընեւի մէջ Իրանի ներկայութիւնը չ՛ուզեր»` աւելցնելով, որ «Ամերիկա Սուրիոյ մէջ պարտուած է, եւ ան է շրջանին մէջ Քայիտան ուժեղացնելու առաջին ամբաստանեալը»:
Ան ըսաւ, որ Միացեալ Նահանգներ «Ժընեւ-2»-ի մէջ խաղաղ լուծումի հասնելու ձգտիլ կը ձեւանան, եւ գիտեն, որ Իրանի ներկայութիւնը պիտի նպաստէր տագնապի լուծման:
«Իրանի հրաւէրը յետս կոչելը կը փաստէ, որ Պան Քի Մուն, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ը ազատ չեն», ըսաւ Պորուժերտի:
Նշենք, որ «Ժընեւ-2» ընթացք կ՛առնէ այսօր առաւօտեան, Զուիցերիոյ Մոնթրէօ քաղաքին մէջ` մասնակցութեամբ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին եւ շուրջ 30 երկիրներու ներկայացուցիչներու: Սուրիական իշխանութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ պաշտօնական բանակցութիւնները ընթացք կ՛առնեն ուրբաթ օր` Ժընեւի մէջ:

