Հակառակ Ապահովական Վերիվայրումներուն, Կառավարութեան Կազմութիւնը Կը Թուի Մօտալուտ Ըլլալ

Զօր. Միշել Աուն
Հակառակ ապահովական կրկնուող ցնցումներուն, կը թուի, թէ երկրին վարիչները վճռած են լուծել կառավարութեան կազմութեան թղթածրարը` նշելով, որ խորհրդակցութիւնները հասած են անուններու որոշման հանգրուանին:
Այս ծիրին մէջ, քուէյթեան «Քապաս» թերթը, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի մօտիկ աղբիւրներու վերագրելով իր տեղեկութիւնները, հաղորդեց, որ կառավարութեան կազմութիւնը հասած է իր վերջնական փուլին` հաւանական նկատելով 24-էն 30 նախարարներէ բաղկացած կառավարութեան մը մօտալուտ կազմութիւնը:
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն, համախմբումի նիստին աւարտին տուած իր մամլոյ ասուլիսին ընթացքին նշեց, որ «կառավարութեան կազմութիւնը կրնայ հիմնաքարը նկատուիլ յառաջիկայ կայուն հանգրուանի մը, որ ճամբայ պիտի հարթէ նոր նախագահի ընտրութեան: Միւս կողմէ, «Նաշրա» կայքը հաղորդեց, որ յառաջիկայ 48 ժամերուն Աուն պիտի սաստկացնէ իր կեցուածքը, «եթէ սիւննի-շիի համաձայնութիւնը ի հեճուկս քրիստոնեաներուն շարունակուի»:
Դարձեալ Նաշրա կայքին համաձայն, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ Քլեմանսոյի իր տան մէջ ընդունած է ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ժպրան Պասիլը եւ անոր խոստացած` հարթել կառավարութեան կազմութեան դէմ ցցուող արգելքները:

