Հարեթ Հըրէյքի Մէջ Կրկնուող Պայթումով. Ահաբեկչութիւնը Մարտահրաւէր Կը Կարդայ Ապահովական Կառոյցներուն

now-dahiyeh-4Տարեսկիզբին Պէյրութի հարաւային արուարձանները հարուածած պայթումին հետեւանքները տակաւին չթօթափած եւ Հերմելի պայթումէն հազիւ հինգ օրեր անց, նոր պայթում մը եկաւ ցնցելու Լիբանանի առանց այդ ալ գրեթէ «խախուտ» ապահովական վիճակը:

Հակառակ երկրի վարիչներուն, յատկապէս ապահովական կառոյցներուն որդեգրած ապահովական խիստ միջոցառումներուն, լիբանանեան զանազան շրջաններուն մէջ կրկնուող ահաբեկչական պայթումները կու գան լուրջ մարտահրաւէր կարդալու երկրին ապահովական կառոյցներուն: Դժբախտաբար Լիբանանի տասնամեակներու քաղաքացիական պատերազմը յիշեցնող մթնոլորտի մը մէջ, ահաբեկիչները կամ զանոնք «գործի լծող» կողմը կամ կողմերը մարդկային այս յոռեգոյն ոճը կը գործածեն իբրեւ խաղաքարտ` քաղաքական խաղին մէջ իրենց պայմանները պարտադրելու համար:

Լիբանանեան պատերազմէն «աւանդ» մնացած փորձառութիւնը կը յիշեցնէ, որ շրջանային կամ միջազգային իւրաքանչիւր անկիւնադարձային դէպք զինք կանխող կամ հետեւող արձագանգները կ՛ունենայ քաղաքական ու ապահովական «փորձադաշտ» նկատուող լիբանանեան հրապարակին վրայ: Տեղական իմաստով կառավարութեան նոր կազմի մօտալուտ բացայայտումը, շրջանային ու միջազգային առումով` սուրիական տագնապին լուծման առաջադրանքով գումարուող «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովը յարմար առիթներ եղան ահաբեկիչ կողմին` նման պայթումով իր պատգամը փոխանցելու:

Պայթումին զոհերէն 18-ամեայ Մարիա Ժաուհարի կարծէք գուշակած էր` «այս երրորդ պայթումն է որմէ կը փրկուիմ, չեմ գիտեր, եթէ չորրորդին զոհ կ՛երթամ…», գրելով իր դիմատետրի էջին վրայ:

Դէպքը, որ ահ ու սարսափի մատնեց Լիբանանի ու յատկապէս Հարեթ Հըրէյքի բնակիչները, հետեւանք էր անձնասպանական գործողութեան մը, երբ ականներով պատուած ահաբեկիչը պայթեցուց «Քիա» տիպի ճիփ ինքնաշարժը, որ իր կարգին ականուած էր 15 քկ պայթուցիկ ռումբով: Ինքնաշարժը, որ կը պատկանէր Քալլաս Եուսեֆ Քալլասիի, անցնող 30 հոկտեմբեր 2013-ին գողցուած էր եւ ապահովական կողմերէ փնտռտուքի ցանկին մէջ անցած էր:

Չորս զոհ եւ աւելի քան 46 վիրաւոր արձանագրած պայթումին գծով ականատեսներ նշեցին, որ ահաբեկիչը երէկ` երեքշաբթի, 21 յունուար 2014-ի կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, խիստ արագ վարելով «Քիա» տիպի ինքնաշարժը, հասած է Հարեթ Հըրէյքի «Քուտս» գրադարանին մօտ, ուր ինքզինք պայթեցուցած է` ուղղակիօրէն կործանելով մօտակայ չորս շէնքեր, ինքնաշարժներ, վաճառատուներ: Մարդկային զոհերու կողքին պայթումէն ազդուած են նաեւ դէպքի վայրին մօտակայ հաստատութիւնները, որոնք տակաւին չէին թօթափած նախորդ պայթումին հետեւանքները:

Պատկան մարմիններ քննութիւն բացած են ստուգելու ահաբեկիչին ինքնութիւնը:  Այս ծիրին մէջ, ապահովական աղբիւրներ յայտնեցին, որ ականահարուած ինքնաշարժը անցնող հոկտեմբերի վերջը գողցած անձին ինքնութիւնը ստուգուած եւ յանցագործը արդէն իսկ քանի մը օրեր առաջ այլ գողութեան յանցանքով արգելափակուած է:

Նմանապէս, կարելի եղած է յայտնաբերել հինգ օրեր առաջ Հերմելի մէջ պատահած պայթումին գործածուած ինքնաշարժը գողցած անձին ինքնութիւնը, որ ըստ «Մուսթաքպալ» կայանին, Նեպիլ Ահմետ Մուսաուի կը կոչուի: Մուսաուի խոստովանած է գողութիւնը եւ աւելցուցած, որ ինքնաշարժները ծախած է Մահեր Թլէյսի:

Դէպքը բարկութեան, սարսափի եւ իրարանցումի մատնեց շրջանի բնակիչները, որոնց երիտասարդները, աւելի ուշ, երեկոյեան, ինքնաբուխ մղումով կարճ ժամանակով փակեցին Մշարրաֆիէ-Ղպէյրի մայրուղին` Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն մէջ:

Լիբանանեան բանակը, որ փութաց դէպքին վայրը, առողջապահական եւ ապահովական այլ մարմիններու հետ փորձեց վերահաստատել շրջանի կայունութիւնը: Նմանապէս, բանակային տարրեր յաջողեցան երէկ երեկոյեան վերաբանալ հրկիզուած անիւներով փակուած Մշարրաֆիէ-Ղպէյրի մայրուղին:

Պայթումէն քիչ ժամանակ անց «Ժապհաթ Նուսրա» խմբաւորումը «Թուիթըր»-ի վրայ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով ստանձնեց պայթումին պատասխանատուութիւնը:

Դատապարտումներ

now-dahiyeh-3Պայթումը դատապարտումի լայն ալիք ստեղծեց ժողովրդային, պաշտօնական, քաղաքական, հոգեւոր թէ դիւանագիտական մակարդակներու վրայ:

Ամանորեան շնորհաւորական այցելութեամբ Պաապտա այցելած հիւպատոսական անձնակազմին առջեւ խօսք առնելով` հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման դատապարտեց դէպքը` կոչ ուղղելով ազգային միասնականութեամբ կանխարգիլելու ահաբեկչութիւնը: Սլէյման ընդգծեց, որ ներկայիս տեղական թէ արտաքին համախոհութիւն կայ «Պաապտայի յայտարարութեան» գործադրման գծով, «որ կը վայելէ բազմաթիւ կողմերու զօրակցութիւնը»:

Նշանակեալ վարչապետ Թամմամ Սալամ բուռն կերպով դատապարտեց «ահաբեկչական քստմնելի արարքը» եւ կոչ ուղղեց ներքին միասնակամութեամբ հակազդելու անոր: Սալամ նաեւ կոչ ուղղեց ապահովական կողմերուն` ճիգ չխնայելու ահաբեկիչներու քողազերծման եւ զանոնք խստագոյն պատիժներու ենթարկելու գծով:

Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի ընդունեց Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հիլը եւ կոչ ուղղեց օգնելու Հարեթ Հըրէյքի պայթումէն վնասուածներուն: Ան դատապարտեց պայթումը` կոչ ուղղելով համախմբուելու նոյն սեղանին շուրջ` «մեր դէմ ցցուող ցաւալի տագնապներու մակարդակին գտնուելու համար»: Միքաթի կոչ ուղղեց Տագնապներու կառավարման ազգային խորհուրդի արտակարգ նիստ գումարելու:

Ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել իր կարգին դատապարտեց պայթումը` նշելով, որ լիբանանցիք յառաջիկային կը գտնուին հինգ ծանր ամիսներու առջեւ: Շարպել անհրաժեշտ ցուցմունքներ տուաւ ապահովական ուժերուն` յայտնաբերելու համար յանցագործները եւ կանխարգիլելու նման դէպքերու կրկնութիւնը: Ըստ Շարպելի, ահաբեկիչը զինուած էր ականուած գօտիով մը, որ սակայն չէ պայթած բարեբախտաբար:

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ զօր. Միշել Աուն կոչ ուղղեց «ահաբեկչութիւնը կանխարգիլելու իր սաղմին մէջ եւ ոչ թէ պատահելէն ետք»:

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ դատապարտեց Հարեթ Հըրէյքի պայթումը` նշելով, որ «Լիբանան թեւակոխած է ապահովական խելայեղ օղակ մը եւ հաւատադրժողական տարրեր սկսած են ահաբեկչութիւն տարածել: Ժոմպլաթ հաւանական նկատեց նման պայթումներու կրկնութիւնը: Պատկերասփռուած զրոյցի մը ընթացքին ան ապահովական համերաշխութիւնը աւելի կարեւոր նկատեց, քան կառավարական համերաշխութիւնը:

now-explosion-0-(1)Մարատա հոսանքի նախագահ, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ դատապարտեց պայթումը` ընդգծելով, որ անմեղներ անգամ մը եւս կը վճարեն ահաբեկչութեան գինը:

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի անդամ երեսփոխան Ալի Ամմար նշեց, որ այս պայթումը կ՛իյնայ շարք մը պայթումներու ծիրին մէջ, «եւ այս ոճը մեզ չի վախցներ», «Պատահական չէր, որ պայթումի պահուն իսրայէլեան օդանաւեր թռիչք կատարեցին պայթումի վայրին վերեւ», ընդգծեց Ալի Ամմար:

Նմանապէս կղերականներ եւ հոգեւոր համայնքապետեր դատապարտեցին պայթումը` կոչ ուղղելով ներքին համերաշխութեան:

Անտիոքի եւ համայն արեւելքի յոյն կաթողիկէ համայնքի Կրեկորիոս Գ. Լահհամ պատրիարքը դատապարտեց պայթումը` կոչ ուղղելով բոլորը համախմբող կառավարութեան կազմութեամբ դիմակալելու տագնապները:

Մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքը իր կարգին դատապարտեց դէպքը` կոչ ուղղելով բարեացակամ, երկխօսութեան եղբայրական ոգիով լուծելու հարցերը:

Պաալպեք-Հերմելի միւֆթի շէյխ Խալետ Սոլհ հաղորդագրութեամբ մը դատապարտեց պայթումը, որ «կը խախտէ երկրին կայունութիւնն ու ապահովութիւնը, ինչ որ իր կարգին կ՛արգելակէ կառավարութեան կազմութիւնը»:

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի դատապարտեց պայթումը` ընդգծելով, որ «իսլամը անպարտ է նման ոճրային արարքներէ»: «Հակառակ բոլոր տարակարծութիւններուն, կ՛աշխատինք վասն ձեր միասնականութեան ու համերաշխութեան», շեշտեց միւֆթի Քապպանի:

Դիւանագիտական մակարդակի վրայ եւս, դեսպանատուներ փութացին դատապարտելու պայթումը:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլի կոչ ուղղեց յանցագործները արդարութեան յանձնելու` խստօրէն պատժելով զանոնք:

ՄԱԿ-ի Պէյրութի գրասենեակը եւս դատապարտեց Հարեթ Հըրէյքի պայթումը: Պան Քի Մուն անընդունելի նկատեց Լիբանանի մէջ պատահող պայթումները:

Պէյրութի մէջ ամերիկեան դեսպանատունը դատապարտեց պայթումը` ցաւակցութիւն յայտնելով զոհերու ընտանեկան պարագաներուն, իսկ ամերիկեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը կոչ ուղղեց թաէֆի համաձայնագիրի գործադրութեան:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց Հարեթ Հրէյքի պայթումը` կոչ ուղղելով աշխատելու Լիբանանի կայունութեան ամրապնդման համար:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւս դատապարտեց պայթումը` զայն «ահաբեկչական ու անմարդկային արարք» նկատելով:

Share this Article
CATEGORIES