Սվազի Նահանգապետարանը Որոշած Է Վերակառուցել Ռազմական Տարածքին Մէջ Պահպանուած Հայկական Եկեղեցին
Սվազ նահանգին մէջ գտնուող զօրանոցի տարածքին մէջ մնացած Ս. Գէորգ հայկական եկեղեցին պիտի վերանորոգուի:
Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Իսմեթ Եըլմազ նախապէս դիմած էր նահանգապետարանին` եկեղեցին վերականգնելու կոչով:
Թրքական «Հապերլեր» կայքը կը հաղորդէ, որ նահանգապետարանի գլխաւոր քարտուղար Սալիհ Այհան տեղեկացուցած է, որ նախարարի գիտութեամբ եւ Սվազի նահանգապետ Զուպէյիր Քեմելեքի հրահանգով եկեղեցին մշակութային նպատակներով վերակառուցելու նախագիծ կը պատրաստուի:
Զօրանոցի տեղափոխութեան պատճառով` եկեղեցին դուրս մնացած է ռազմական տարածքէն:
Պաշտպանութեան նախարարութեան համաձայնութեան գոյութեան պարագային, եկեղեցին պիտի անցնի նահանգապետարանի կառավարման տակ:
Սալիհ Այհան նշած է, որ ամէն տարի բազմաթիւ հայ քաղաքացիներ եկեղեցւոյ մօտ գտնուող հայկական գերեզմանատուն կ՛այցելեն:
«Անոնք եւս մեր քաղաքացիներն են: Թրքական պետութիւնը մարդոց հաւատքն ու պաշտամունքը հանգիստ իրականացնելու համար պայմաններ ստեղծող երկիրներէն է: Եթէ Սվազի մէջ կան հայեր, ապա անոնց հոգեւոր պահանջները պէտք է բաւարարուին», ըսած է ան:

