Ազգային Ժողովի Ոչ Իշխանական 4 Ուժերը Կը Փորձեն Միասնական Օրակարգ Մշակել

18 յունուարի հանրահաւաքէն պահ մը (Լուսանկարը` ԳԱԲՐԻԷԼ ՓԱՆՈՍԵԱՆի)

18 յունուարի հանրահաւաքէն պահ մը
(Լուսանկարը` ԳԱԲՐԻԷԼ ՓԱՆՈՍԵԱՆի)

Երէկ Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ ոչ իշխանական 4 քաղաքական խմբակցութիւններու` Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան, Հայ ազգային քոնկրեսի, Ժառանգութեան եւ ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչները կատարեցին հերթական միացեալ աշխատանքային խորհրդակցութիւնը: Այս մասին Ժառանգութիւն խմբակցութեան պատգամաւոր Ռուբէն Յակոբեան «Երկիր»-ին հետ հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ խորհրդակցութեան ընթացքին քննարկուած են 4 քաղաքական ուժերուն հետագայ ընելիքները:

«Նպատակն էր առանձնացնել այն հարցերը, որոնք համաձայնեցուած փոխզիջումով պիտի դառնան միասնական օրակարգ, ինչ որ պիտի փորձենք իրականացնել Ազգային ժողովին մէջ», ըսաւ Ռուբէն Յակոբեան` աւելցնելով, որ երբ ուրուագծուին յստակ հարցերը եւ անոնց շուրջ միացեալ կերպով հանդէս գալու համաձայնութիւնները, (որովհետեւ իւրաքանչիւր խմբակցութիւն իր մէջ պէտք է քննարկէ այդ հարցերը), այդ ժամանակ փոխզիջումի արժանացած հարցերը պիտի հրապարակուին: Պատգամաւորը նշեց, որ անոնք այն առանցքային հարցերն են, որոնք այսօր կը յուզեն ազգաբնակչութիւնը: Խորհրդակցութեան ընթացքին քննարկուած է նաեւ 18 յունուարի հանրահաւաքը եւ անիկա դրական գնահատուած է:

Share this Article
CATEGORIES