Ճէյմս Ուորլիք Մտահոգութիւն Կը Յայտնէ Ազրպէյճանական Ներթափանցման Գործողութեան Նկատմամբ

Ճէյմս Ուորլիք
ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք «Թուիթըր» ընկերային ցանցի իր էջին վրայ գրած է, որ ինք մտահոգուած է շփման գիծին վրայ գոյութիւն ունեցող լարուածութեան:
«Շփման գիծին վրայ գոյութիւն ունեցող բռնութիւններն ու լարուածութիւնը կը խաթարեն բանակցային ճամբով տագնապի լուծման ուղղուած ջանքերը: Կը ցաւիմ այսօրուան մահուան կապակցութեամբ», գրած է Ուորլիք:
19 յունուարի կէս գիշերին ղարաբաղեան-ազրպէյճանական զօրքերու սահմանագիծին հիւսիսարեւելեան(Ջրաբերդ) եւ հարաւարեւելեան(Կորգան) ուղղութիւններով ազրպէյճանական խումբերու ներթափանցման համակարգուած փորձ կատարուած էր: Փոխադարձ հրացանաձգութեան ընթացքին նահատակուած էր հայ զինուոր մը` Արմէն Յովհաննիսեան:
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակած է յայտարարութիւն մը, որուն մէջ մասնաւորաբար ըսուած է, որ «Ազրպէյճանի զինեալ ուժերուն կողմէ զինադադարի հերթական կոպիտ խախտումը, որ պատճառ դարձած էր արիւնահեղութեան, պէտք է միջազգային ընտանիքին կողմէ արժանանայ համապատասխան գնահատականի եւ վճռական դատապարտման»:

