Նախագահ Սարգսեան Մտահոգութիւն Կը Յայտնէ Ազրպէյճանի Կողմէ Զինադադարի Դրութեան Խախտման Գծով

Լեֆոր եւ նախագահ Սարգսեան
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Ֆիլիփ Լեֆորը, որ Հայաստան ժամանած էր հրաժեշտի այցելութեամբ:
Նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութիւնը կը փոխանցէ, որ նախագահ Սարգսեան ողջունեց այդ պաշտօնին վրայ Հայաստան վերջին այցելութիւնը կատարող Լեֆորը` ընդգծելով, որ Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչի պաշտօնը կը վկայէ շրջանի անվտանգութեան եւ կայունութեան նկատմամբ Եւրոպական Միութեան հետաքրքրուածութեան մասին:
Նախագահ Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆիլիփ Լեֆորին` Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ համագործակցութեան խորացման գործին մէջ անոր ունեցած ներդրումին, ինչպէս նաեւ շրջանային անվտանգութեան ու խաղաղութեան նպաստելուն ուղղուած ջանքերուն համար, եւ յաջողութիւն մաղթեց հետագայ աշխատանքին մէջ:
Հանդիպման ժամանակ անդրադառնալով նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի շրջանակներուն մէջ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթին` նախագահ Սարգսեան խոր մտահոգութիւն յայտնեց վերջին օրերուն Ղարաբաղի եւ ազրպէյճանական զինեալ ուժերու շփման գիծին վրայ ազրպէյճանական կողմէն կատարուած շարունակական սադրանքներուն եւ զինադադարի խախտման դէպքերուն առնչութեամբ եւ ընդգծեց, որ անոնք լուրջ խոչընդոտ կը հանդիսանան բանակցային հոլովոյթի հետագայ յառաջընթացին համար:
Նալբանդեան – Լեֆոր Հանդիպումը

Լեֆոր եւ Նալբանդեան
Երէկ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան նոյնպէս ընդունեց իր առաքելութիւնը աւարտող Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Ֆիլիփ Լեֆորը:
Նախարար Նալբանդեան ի միջի այլոց Լեֆորի ուշադրութիւնը հրաւիրեց Ազրպէյճանի ռազմատենչ յայտարարութիւններուն եւ սադրիչ գործողութիւններուն վրայ: Նախարարը ընդգծեց, որ հակառակ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի եռանախագահ երկիրներուն կողմէ բազմիցս հնչող զինադադարի ամրապնդման անհրաժեշտութեան մասին կոչերուն եւ յորդորներուն, հայ-ազրպէյճանական սահմանին եւ Ազրպէյճանի ու Արցախի միջեւ շփման գիծին վրայ Ազրպէյճանի կողմէ զինադադարի դրութեան մնայուն խախտումներուն զոհ կ՛երթան ոչ միայն զինուորներ: Նալբանդեան շեշտեց, որ նման սադրանքները կը խոչընդոտեն խաղաղ լուծման ուղղութեամբ համանախագահներուն եւ Հայաստանի կողմէ գործադրուող ջանքերը:

