«Էն. Պի. Էյ.». Ռոքեթց Յաղթեց Պլէյզըրզի

Հիուսթըն Ռոքեթցի յաղթական մարզիկները

Հիուսթըն Ռոքեթցի յաղթական մարզիկները

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան տասը ճակատումներ:

Հիուսթըն Ռոքեթց 126-113 արդիւնքով յաղթեց Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզի:

Ռոքեթցի մարզիկներէն Զէյնտլըր Փարսընզ նշանակեց 31 կէտ, 10 ռիպաունտ եւ 7 էսիսթ, մինչ անոր խմբակից Տուայթ Հաուըրտ` 24 կէտ եւ 12 ռիպաունտ:

Շիքակօ Պուլզ երկարաձգումէն ետք 102-100 արդիւնքով յաղթեց Լոս Անճելըս Լէյքըրզի, հակառակ անոր որ վերջինիս մարզիկներէն Նիք Եանկ նշանակեց մրցումին ամէնէն շատ կէտերը` 31:

Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.

Տալաս Մավըրիքս – Քլիվլենտ Քաւալիրզ 102-97
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Տիթրոյիթ Փիսթընզ 112-103
Շարլոթ Հոռնեթց – Թորոնթօ Ռեփթըրզ 100-95
Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ 107-99
Պրուքլին Նեթց – Նիւ Եորք Նիքս 103-80
Նիւ Օրլինզ – Մեմֆիս Կրիզլիզ 95-92
Աթլանթա Հոքս – Մայեմի Հիթ 121-114
Շիքակօ Պուլզ – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 102-100
Հիուսթըն Ռոքեթց – Փոլթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ 126-113
Ինտիանա Փէյսըրզ – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ 102-94

Ստորեւ` այսօրուան մրցումներուն յայտագիրը.

Պրուքլին Նեթց – Օրլանտօ Մեճիք
Մայեմի Հիթ – Պոսթըն Սելթիքս
Նիւ Օրլինզ – Սաքրամենթօ Քինկզ
Օքլահոմա Սիթի – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ
Եութա Ճեզ – Մինեսոթա Վուլվզ

Share this Article
CATEGORIES