Ֆութսալ. Լիբանանի Ախոյեանութիւն. Սատաքա – Պէյրութի Դրամատուն Չորրորդ Մրցումը Յետաձգուեցաւ Վաղուան

Սկզբունքով այսօր` չորեքշաբթի, 22 յունուար 2014-ին տեղի պիտի ունենար Լիբանանի ֆութսալի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի չորրորդ մրցումը` Սատաքայի եւ Պէյրութի դրամատան միջեւ:

Սակայն նկատի ունենալով, որ մրցումը պիտի սկսէր յետմիջօրէի ժամը 15:30-ին, եւ ճիշդ այդ ժամուան պատկերասփիւռի կայաններէն ուղղակիօրէն պիտի սփռուի Լա Հէյի դատավարութիւնը, անիկա յետաձգուեցաւ վաղուան, նոյն վայրը եւ նոյն ժամուն («Էմիլ Լահուտ» մարզահամալիր, յետմիջօրէի ժամը 15:30):

Share this Article
CATEGORIES