Ռոնալտօ Արժանացաւ Փորթուգալի Ասպետի Շքանշանին

ronaldoՌէալ Մատրիտի եւ Փորթուգալի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ արժանացաւ Փորթուգալի Հանրապետութեան ամէնէն բարձր պարգեւին, յայտնեցին միջազգային լրատուամիջոցները:

«Հենրիխ ծովագնացի» շքանշանը (Ինֆընթ Տոն Էնրիքէ), կը շնորհուի Փորթուգալի համար Ռոնալտոյի մատուցած ծառայութիւններուն համար:

Ռոնալտոն ասպետի շքանշանով պարգեւատրելու նախաձեռնութեան հեղինակը Փորթուգալի նախագահ Անիպալ Քաւաքու Սիլվան էր:

«Այս պահուն ինքզինքս մեծապէս հպարտ կը զգամ: Պատիւ մըն է ինծի համար ասիկա», ըսած է Ռոնալտօ պարգեւատրման արարողութենէն ետք, լուրը կ՛եզրափակէ հայկական ArmSport.am լրատուական կայքը:

 

Share this Article
CATEGORIES