Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով. Մարզիկներու Ստորագրութեան Վերջին Ժամկէտը` Ուրբաթ, 24 Յունուար 2014-ին

Շաբաթասկիզբին իր գումարած ժողովին, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը տուաւ շարք մը որոշումներ, որոնցմէ կարեւորագոյնները եղան ճշդել մարզիկներու ստորագրութեան ժամկէտը եւ ախոյեանութեան վերաբերող օրէնքները:

Ա. դասակարգին մաս կազմող բոլոր այն ակումբները, որոնք նոր մարզիկներ կ՛ուզեն միացնել իրենց կազմերուն, առաւելագոյնը մինչեւ ուրբաթ, 24 յունուար 2014 պայմանաժամ մը ունին, այսինքն` տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ազդանշանը տրուելէն շաբաթ մը առաջ:

2013-2014 տարեշրջանը տեղի պիտի ունենայ երթուդարձի դրութեամբ:

Բ. հանգրուան կը հասնին դասաւորման առաջին ութ դիրքերը գրաւող խումբերը, որոնք հինգ մրցումէ 3 յաղթանակի կարիք ունին` հասնելու համար «Ֆայնըլ ֆոր»:

Որոշուեցաւ 2013-2014 տարեշրջանի բոլոր մրցումներուն համար արտօնել միայն հիւրընկալ խումբին համակիրներուն դաշտ մուտք գործելը: Հիւր խումբը մրցակիցին դաշտը կ՛այցելէ առանց համակիրի, միայն` մարզիկներով, մարզիչներով եւ պատասխանատուներով:

Հիւր խումբին պահեստի մարզիկներուն աթոռներուն ետեւը պիտի ձգուի ամբողջութեամբ պարապ, առանց համակիրի, որպէսզի որեւէ հարցեր չստեղծուին հիւրընկալ խումբին համակիրներուն կողմէ:

 

Share this Article
CATEGORIES