Հայաստան Ունեցաւ Ճատրակի Նոր Ախոյեան Մը` Տիգրան Քոթանճեան
Առաւելագոյն 9 կէտէն 6,5 կէտ ապահովելով` երէկ կրանտմասթըր Տիգրան Քոթանճեան հանդիսացաւ Հայաստանի ճատրակի նոր ախոյեան:
Ատկէ բացի, ան իրաւունք ստացաւ նաեւ մաս կազմելու Հայաստանի տղոց ազգային հաւաքականին:
Տիգրան Քոթանճեան Հռչակուեցաւ Հայաստանի Ախոյեան
Երէկ` երեքշաբթի, 21 յունուարին, աւարտեցաւ Հայաստանի բարձրագոյն դասակարգի ճատրակի ախոյեանութիւնը, երբ տեղի ունեցան 9-րդ եւ վերջին հանգրուանի հանդիպումները:
Ակնկալուածին նման Հայաստանի ախոյեան հռչակուեցաւ մրցաշարքին ընթացքին գերազանց հանդէս եկած կրանտմասթըր Տիգրան Քոթանճեան, որ տիտղոսին տիրանալու համար հաւասարութեան մը միայն պէտք ունէր: Այդպէս ալ պատահեցաւ, եւ ան սեւ քարերով հաւասարութիւն մը արձանագրելով հանդիսացաւ Հայաստանի 74-րդ ախոյեանը, հաղորդեց ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը:
Այսպիսով, Տիգրան Քոնթանճեան Հայաստանի ախոյեան դառնալէ բացի իրաւունք ստացաւ Հայաստանի ճատրակի ազգային հաւաքականին հետ հանդէս գալու` դառնալով անոր 5-րդ, բայց` պահեստի խաղացողը:
Նշենք, որ ան ախոյեանութիւնը աւարտեց 6,5 կէտով:
Ինչ կը վերաբերի աղջկանց մրցաշարքին, ախոյեան հանդիսացաւ Շուշանայ Սարգսեան, որ առաւելագոյն 9 կէտէն ապահովեց 6,5 կէտ:

