Նախարար Քարամէ Ընդունեց Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնին Մէկ Պատուիրակութիւնը

basket-karameԵրէկ` երեքշաբթի, 21 յունուարին, Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէ նախարարութեան իր կեդրոնատեղիին մէջ ընդունեց Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մէկ պատուիրակութիւնը` ներկայութեամբ նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Զէյտ Խիամիի:

Ֆետերասիոնին պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր անոր նախագահը` Ուալիտ Նասսար, մինչ անոր կ՛ընկերակցէին Ֆարես Մըտաուար, Նատեր Պասմէ, Նիզար Ռաուաս, Ժորժ Սապունճեան, Ֆուատ Սալիպա, Նեզիհ Պուժի, Հատի Ղըմրաուի, Ռամի Ֆաուազ եւ Ռոժէ Աշքութի:

Պատուիրակութիւնը յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց նախարար Քարամէին պասքեթպոլի, ինչպէս նաեւ բոլոր ֆետերասիոններուն նկատմամբ իր ցուցաբերած հոգատարութեան համար:

Հանդիպումին աւարտին պատուիրակութիւնը նախարար Քարամէն հրաւիրեց Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ախոյեանութեան նոր տարեշրջանի բացման մրցումին ազդանշանը տալու: Սոյն մրցումը 31 յունուար 2014-ին Ամշիթի դաշտին վրայ իրարու դէմ պիտի հանէ Ամշիթը եւ Սաժեսը:

 

Share this Article
CATEGORIES