Լիբանանի Հեծելարշաւի Ֆետերասիոնի Ժողով
Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, որ տեղի ունեցաւ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ եւ եղաւ երրորդը` այս տարուան ընթացքին, Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնը տուաւ շարք մը որոշումներ` ներկայութեամբ ֆետերասիոնի նախագահ Վաչէ Ծատուրեանի եւ անդամներուն մեծամասնութիւնը:
Նախ եւ առաջ ֆետերասիոնը ընդունեց ֆետերասիոնի փոխնախագահ Վազգէն Մելիքեանի հրաժարականը: Ան վերջնականապէս պիտի գաղթէ Միացեալ Նահանգներ:
Մելիքեանի փոխարէն ֆետերասիոնի նոր անդամի ընտրութիւնը տեղի պիտի ունենայ երեքշաբթի, 11 փետրուար 2014-ին, երեկոյեան ժամը 18:00-ին: Բոլոր անոնք, որոնք իրենց թեկնածութիւնը կ՛ուզեն առաջադրել, պէտք է առաւելագոյնը մինչեւ հինգշաբթի, 6 փետրուար 2014, իրենցմէ պահանջուած փաստաթուղթերը յանձնեն ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղարին` Ապտօ Նատերի:
Քննարկուեցաւ Շեպիպեթ Սալաաթա ակումբին ֆետերասիոնին միացումին հարցը:
Որոշուեցաւ երեքշաբթի, 18 փետրուար 2014-ին, երեկոյեան ժամը 20:00-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ խորհրդակցական հանդիպում մը ունենալ ֆետերասիոնին մօտ արձանագրուած միութիւններու նախագահներուն հետ:
Նախքան նոր տարեշրջանին սկսիլը, տեղի պիտի ունենայ 2013 տարուան ախոյեաններուն եւ մրցանակակիրներուն պարգեւատրումը:
Ինչ կը վերաբերի 2014 տարեշրջանի ախոյեանութիւններուն եւ մրցաշարքերուն, անոնց յայտագիրը հրապարակուեցաւ հետեւեալ ձեւով.
23 մարտ` հեծելարշաւի յատուկ մրցում
6 ապրիլ` հեծելարշաւի յատուկ մրցում` խաղաղութեան համար
27 ապրիլ` հեծելարշաւի յատուկ մրցում` Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակին`
4 մայիս` Սալաաթա ակումբին մրցումը
11 մայիս` Վիգէն Զաքարեանի յիշատակին նուիրուած մրցում
18 մայիս` Թանիոս Միրի բաժակի մրցում
15 յունիս` Լիբանանի ճամբու ախոյեանութիւն (ժամացոյցի դէմ)
22 յունիս` Լիբանանի ճամբու ախոյեանութիւն
29 յունիս` Լիբանանի լեռնային ախոյեանութիւն
3 օգոստոս` սահմանէ սահման մրցում` լիբանանեան բանակին հետ
31 օգոստոս` «Շուֆ Պայ Պայք»-ի մրցում` Պաաքլինէն Այն Զահալթա 21 սեպտեմբեր` Ծատուրեան եղբայրներու մրցում
26 հոկտեմբեր` Լիբանանի բաժակի մրցաշարք
23 նոյեմբեր` Լիբանանի անկախութեան տօնին նուիրուած մրցում
ԵԹԷ այլ ակումբներ վերոնշեալ թուականներէն ուրիշ օր մը կ՛ուզեն մրցաշարք մը կազմակերպել, կրնան կապ հաստատել ֆետերասիոնին հետ եւ ճշդել թուական մը:

