Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Յարգեցէք ձեր քունի ժամերը, որպէսզի ըլլաք եռանդուն եւ չծուլանաք: Քունը կարեւոր է սնունդի եւ մարզանքի չափ: Մի՛ անտեսէք, որպէսզի առողջ մնաք:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեր տուած ժամադրութիւնը պիտի յետաձգուի ուրիշ օրուան մը: Այս կապակցութեամբ, մի՛ մտահոգուիք, վաղը նոր արեւ մը կը ծագի դէպի յաջողութիւն, անհոգ մնացէք:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Խնամք տարէք ձեր արտաքին տեսքին, որովհետեւ ընկերութիւնը ձեզ նախ կը դատէ ձեր արտաքինով: Ներքին արժէքները ուշ կը յայտնուին:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Մի՛ սպասէք, որ մարդիկ ձեր մօտը գան ձեր փափաքներուն մասին կարծիք տալու: Դուք պէտք է դիմէք միայն այնպիսի անձերու, որոնք կրնան օգնել ձեր հարցերուն կարգադրութեան: Արթուն եղէք:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Օրը ունի ձեր ենթադրածէն աւելի հաճելի հանդիպումներ` ձեր աշխատանքին վերաբերեալ: Ձեր երէկուան գործունէութիւնը շատ պիտի գնահատուի:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Կեդրոնացէք ձեր ծրագրին վրայ` առանց ազդուելու ուրիշներուն ցուցմունքէն կամ անոնց տեսակէտէն: Հետեւեցէք ձեր ներքին ձայնին, ան է ճիշդը:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Շուտով մի՛ խանդավառուիք ձեր լսած գովեստներէն: Ձեր ոտքերը դրէք գետին, ամրացուցէք ձեր դիրքը, որովհետեւ միայն դուք կրնաք ճշդել ձեր ճամբան: Ուղղութիւն մի՛ փոխէք:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ո՛ւր որ ալ երթաք, լաւագոյն հանգստավայրը ձեր ընտանիքն է: Յարգեցէք ձեր հարազատները, մասնաւորաբար` ձեր մեծերը: Ծերութիւնը ամէն մարդու համար է: Քալեցէք բնական ձեւով:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Մի՛ ընդդիմանաք ձեզի մօտիկ անձի մը կարծիքին, եթէ չէք համոզուած: Քաղաքավարութեամբ եւ լուրջ մօտեցումով հասկցուցէք անոր ձեր տեսակէտը: Երկխօսութիւնը փրկարար դեր ունի:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Շարունակեցէք ձեր աշխատանքը` առանց յետաձգելու, որովհետեւ վաղը պիտի ունենաք յաւելեալ գործեր, որոնց մասին չէիք մտածած: Այսօրուան գործը վաղուան մի՛ ձգէք խօսքը նկատի առէք:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Անակնկալ այցելուներ կրնաք ունենալ այսօր,  հետեւաբար պատրաստ եղէք` միշտ նորութիւններ դիմակալելու: Իրար անցնելու ժամանակը չէ հիմա:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ականջ տուէք փորձառու անձերու, ձեզմէ մեծերուն խրատին եւ խորհուրդին: Մի՛ կարծէք, որ երիտասարդութիւնն է կեանքը դասաւորողը, այլ` խորհրդակցաբար, փորձառութիւնները նկատի առնելով:

Share this Article
CATEGORIES