50 Տարի Առաջ (23 Յունուար 1964)
Խմբագրական
Ափրիկեան Քաոսը
Քսաներորդ դարու ներկայ տասնամեակը իրաւամբ կրնայ կոչուիլ «Ափրիկեան տասնամեակ»: Վերջին քանի մը տարիներու ընթացքին, ու դեռ վերջերս, իրարու ետեւէ անկախութեան տիրացան ափրիկեան բազմաթիւ երկիրներ, որոնք հարիւրաւոր տարիներէ ի վեր կը գտնուէին Մեծն Բրիտանիոյ կամ Ֆրանսայի հոգատարութեան տակ, կամ ուղղակի գաղութի վերածուած էին:
Այս պատճառով ալ Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը ծաւալեցաւ մեծ ու փոքր երկիրներու հոյլով մը, որ միջազգային այդ կազմակերպութեան անդամներուն թիւը բարձրացուց 112-ի:
Վերջին անգամ անկախութեան արժանացան Թանկանիքա, Քենիա եւ Զանզիպար, վերջինը` կղզի մը, Ափրիկէի արեւելեան ափերուն մօտ, հազիւ 300,000 բնակչութեամբ:
Անկախութեան արշալոյսը, սակայն, բարիք չբերաւ այդ երկիրներուն, որոնք հազիւ սկսած էին ինքնիշխան քայլեր առնել, ինկան քաոսի մը մէջ` վայրագ ջարդերով եւ խուժանային խռովութիւններով:
Զանզիպարի օրինակը շատ պերճախօս է: Դեկտեմբեր 10-ին անկախութեան տիրացած այդ կղզին շուտով թատերավայր հանդիսացաւ աննկարագրելի վայրագութիւններու, որոնց ընթացքին մօտ երեք հազար հնդիկներ եւ արաբներ ջարդուեցան` ափրիկեցի կիսավայրենիներու կողմէ:
Ի լուր այս խժդժութեանց, քաղաքակիրթ մարդկութիւնը, ողջունելով հանդերձ այդ երկիրներուն անկախութիւնը, չի կրնար չարձանագրել իր դառնութիւնը, երբ կը տեսնէ, թէ անկախութեան անարժան ժողովուրդներ, միջազգային ներկայ կացութեան դասաւորումով, անկախութեան կը տիրանան, մինչ այլ ժողովուրդներ, որոնք դարերու ընթացքին պետական կեանք, մշակոյթ եւ քաղաքակրթութիւն ունեցած են, կ՛ապրին աննպաստ պայմաններու ներքեւ, Եւրոպայի եւ Ասիոյ մէջ:
Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք խորհրդային բռնատիրութիւնը իր թաթը նետեց արեւելեան եւ կեդրոնական Եւրոպայի երկիրներուն վրայ, որոնք նոր փրկուած էին հիթլերեան գրաւման մղձաւանջէն: Այդ երկիրներէն ոմանք պահեցին անուանական անկախութիւն մը, Մոսկուայի կամակատար համայնավար փոքրամասնութեան մը իշխանութեան ներքեւ: Ուրիշներ, ինչպէս Պալթեան երկիրները, առանց այլեւայլի կցուեցան Խորհրդային Միութեան եւ դադրեցան ազգային ինքնուրոյն ամբողջականութիւն մը ըլլալէ:
Երբ մէկ կողմէ այս էր կացութիւնը Եւրոպայի գրեթէ կէսին մէջ, Ափրիկէի ժողովուրդները, Մեծերու հակամարտութենէն եւ շահերու մրցակցութենէն օգտուելով, իրարու ետեւէ ըմբոստութեան դրօշ պարզեցին, իսկ ոմանք ալ առանց արիւն թափելու տիրացան իրենց անկախութեան:
Բայց պատահեցաւ, որ այդ երկիրներէն շատեր պատրաստ չէին անկախութեան: Գաղութարարը, որ տարիներով արիւնաքամ ըրած էր զիրենք` կողոպտելով իրենց բնական հարստութիւնները, մեկնած էր` իր ետին ձգելով պարապ մը, զոր կարելի չէր լեցնել մէկ օրէն միւսը: Վարչական պարապ, պետական անձնակազմի պարապ ու նաեւ` ձեռնհասութիւններու պարապ:
Ու այսպէս, Քոնկոն երկու տարի շարունակ դարձաւ քաոս մը եւ պելճիքական գաղթատիրութեան յաջորդեց ամերիկեան տիրապետութիւնը, Միացեալ ազգերու խողովակով: Պետական հարուածները իրարու յաջորդեցին ֆրանսական բազմաթիւ նախկին գաղութներու մէջ: Այլ ափրիկեան երկիրներ գաղթային վարչակարգէ ինկան բռնատիրական վարչակարգի ներքեւ` միակ կուսակցութեան մը իշխանութեամբ: Իսկ յոռեգոյն պարագային, դժոխքի վերածուեցան Զանզիպարի նման նորանկախ շրջաններ:
Առաջիկայ տասնամեակի ընթացքին հսկայական աշխատանք կայ կատարելիք ափրիկեան ցամաքամասին մէջ, որպէսզի նորանկախ երկիրներու ժողովուրդները կարենան զուգահեռ քալել այլ ցամաքամասերու երկիրներուն հետ, խաղաղ ու բարգաւաճ կեանքի մը ուղիներով:
Հայկական Ծնունդը
Երուսաղէմի Մէջ
Ծննդեան Արարողութիւններ
Բեթղեհէմի Այրին Մէջ
Համաձայն հնաւանդ սովորութեան, ամսոյս 18-ին Բեթղեհէմի Ս. Ծննդեան այրին մէջ մեծահանդէս տօնուեցաւ հայկական Ս. Ծնունդը` նախագահութեամբ Երուսաղէմի պատրիարք Եղիշէ արք. Տէրտէրեանի: Արարողութիւնները սկսան գիշերուան ժամը 11:45-ին:
Զանգակներու ղօղանջին հետ Յորդանանի ձայնասփիւռէն կը լսուէր խօսնակին ձայնը, որ տեղեկութիւններ կը հաղորդէր հայկական Ս. Ծնունդին մասին:
Արարողութիւնները սկսան երգչախումբի շարականներով, որոնց յաջորդեցին «Փառք ի բարձունս»-ը, «Սուրբ Աստուած»-ը, եւ «Խորհուրդ մեծ»-ը, որուն յաջորդեց Եղիշէ Ս. պատրիարքին հոգեշունչ քարոզ-պատգամը:
Եղիշէ պատրիարքի քարոզէն ետք արարողութիւնները շարունակուեցան երգչախումբին շարականներով եւ «Խորհուրդ մեծ»-ով վերջ գտաւ:
Այդ պահուն դարձեալ լսուեցաւ խօսնակին ձայնը, որ կ՛ըսէր.
«Սիրելի ունկնդիրներ, դուք լսեցիք Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօներուն գիշերային պաշտամունքի արարողութեան մէկ մասը` Բեթղեհէմի Ս. Ծննդեան այրէն, Երուսաղէմի Յորդանանեան Հաշիմական ռատիոկայանին միջոցաւ:
«Արարողութեան կը նախագահէր Երուսաղէմի հայոց պատրիարքը` Եղիշէ արք. Տէրտէրեան, մասնակցութեամբ Սրբոց Յակոբեանց բովանդակ միաբանութեան եւ ուսանողութեան: Յայտարարութիւնները կը կատարէր Վարդան Տէր Վարդանեան: Քրիստոսի Ս. Ծննդեան շնորհաբեր այս երեկոյին մեր սիրելի ազգակիցներուն, որ ի Յորդանան, ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի, կը մաղթենք երջանիկ բարօրութիւն: Շնորհաւոր Ս. Ծնունդ բոլորիդ: Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ, ձեզի եւ մեզի մեծ աւետիս:
«Փակելէ առաջ, մեր ունկնդիրներուն ուշադրութեան կ՛ուզենք յանձնել նաեւ, որ կիրակի, 19 յունուարի, կէսօրէ ետք ժամը մէկին Յորդանանի Հաշիմական թագաւորութեան Երուսաղէմի ռատիոկայանէն պիտի ձայնասփռուի Ս. Ծննդեան հայկական երգերու եւ մեղեդիներու յայտագիր մը: Գիշեր բարի»:

