Անդրադարձ. Ո՞ւր Ենք Հասած

ԵՒՆԻԿԷ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ

Իւրաքանչիւր ամսուան առաջին հինգշաբթի օրը «Վանայ ձայն»-ը կը սփռէ «Ձեռք երկարենք» յայտագիրը, որուն ընթացքին կը ներկայացուի պարագայ մը, ընդհանրապէս` հիւանդներ եւ նիւթապէս անցուկ վիճակի մէջ եղող ընտանիքներ, եւ ունկնդիր հայորդիներու լումաներով կը փորձեն վերականգնել այդ տուեալ պարագան:

Իսկապէս շնորհաւորելի է «Վանայ ձայն»-ի այս իւրայատուկ յայտագիրը: Ինչպէս այս շաբթուան` տարուան վերջին «Ձեռք երկարենք» յայտագիրին ծանուցումին մէջ կը շեշտուէր, որ 2013-ին ունեցած են 13 ընկերային եւ առողջական պարագաներ, եւ մօտ 40,000 տոլարի օգնութիւն: «Վանայ ձայն»-էն ետք յատուկ շնորհակալութեան խօսքը կ՛երթայ մեր ազգայիններուն եւ բարեսիրական հաստատութիւններուն, որոնք իրենց լումաներով կը փորձեն գէթ մասամբ մեղմացնել մեր հայրենակիցներուն ցաւը:

Տարուան վերջին «Ձեռք երկարենք» յայտագիրին մէջ շեշտուեցաւ տալու, նուիրելու եւ օգնելու գաղափարը, եւ որ սփռուեցաւ հինգշաբթի, 26 դեկտեմբերին, կը ներկայացնէր հայ ընտանիք մը` բաղկացած 6 անդամներէ` հայր, մայր, 3 մանչ  եւ 1 աղջիկ երեխաներ, 12, 10, 8 եւ 7 տարեկան: Տնտեսական վատ պայմաններու բերումով (հայրը արկածի պատճառով կորսնցուցած էր իր գործը) ընտանիքը տարբեր ընկերային եւ նիւթական հանգրուաններէ անցած էր եւ ի վերջոյ ապաստան գտած` խանութի մը ետեւը գտնուող սենեակի մը մէջ, ուր ոչ մէկ յարմարութիւն կար. ո՛չ խոհանոց, ո՛չ բաղնիք, ո՛չ նստասենեակ, այլ միայն գորգ մը գետինը, եւ ըսել, որ այս «սենեակ»-ին մէջ կ՛ապրի այս ընտանիքը: Այս բոլորին վրայ կու գայ աւելնալու ամենափոքրին առողջական վիճակը` սրտի անհանգստութիւնը, որ զայն հեռու կը պահէ դպրոցէն եւ մօտ մէկուկէս տարիէ անկողնին կը ծառայէ եւ կարիքը ունի վիրաբուժական գործողութեան: Միայն վերջերս է, որ ծնողքը դիմած է բարեսիրական հաստատութիւններու եւ ա՛յդ է եղած պատճառը, որ այս ընտանիքին վիճակը բացայայտուի եւ հասնի «Ձեռք երկարենք» յայտագրին:

Եւ հոս գլխագիր հարցումը: Ինչո՞ւ:

Ինչո՞ւ հիմա: Ինչո՞ւ սպասել, որ դանակը ոսկորին հասնի ու ետքը շարժինք: Ինչո՞ւ երբ այս երեխան  դպրոցը ձգեց, չհետաքրքրուեցանք պատճառներուն մասին (թերեւս ալ հետաքրքրուեցանք): Պատճառները բազմազան ըլլալու են` առողջական, նիւթական, ընկերային, հոգեբանական. եւ տակաւին չենք գիտեր միւս երեխաներուն մասին, արդեօ՞ք դպրոց կ՛երթան, չե՞ն երթար, ի՞նչ կ՛ընեն… Արդեօք այս ընտանիքը օրական երեք ժում ուտելիք ապահովելու կարողութիւն ունի՞, ինչ որ բնական  կարիք է յատկապէս երեխաներու աճումին, երբ խօսուեցաւ մէկ շիշ ջուր ունենալու դժուարութեան մասին:

Եւ այս բոլորէն ետք, արդեօք պէտք է սպասել ազգայիններու «լումաներո՞ւն» որպէսզի ձեռք երկարենք այս եւ նմանօրինակ ընտանիքներու: Մենք ունինք մեծահարուստ հայորդիներ. արդեօք կարելի չէ՞ր այս տօնական օրերուն ընտանիքը դուրս հանել իր «պալատ»-էն եւ տեղադրել «խրճիթ»-ի մը մէջ, ինչպէս նաեւ` երեխային բժշկական կարիքին օգտակար ըլլալ ամբողջական առումով:

Աւելի լաւ պիտի չըլլա՞ր, եթէ թերթերուն մէջ ազգայիններու շնորհակալութիւն յայտնելու կողքին, կարենայինք շնորհակալութիւն յայտնել  նաեւ այլ ազգայիններու, որոնք իրենց օգնութեամբ փրկած են ընտանիքներ… եւ ասիկա ոչ թէ միայն մէկ անգամուան համար ըլլար, այլ անոնց ձեռքերը տեւաբար կարիքաւոր ընտանիքներու վրայ ըլլային տարուան բոլոր օրերուն` անգործներուն գործ հայթայթելով, երեխաներուն օգնելով, որ դպրոցէ ետ չմնային, ապահովելով անոնց ապահով միջավայր, տուն եւ այլն:

Չսպասենք, որ «Ձեռք երկարենք»-ը կամ բարեսիրական հաստատութիւնները միայն իրենց «լումաներով» օգտակար ըլլան: Մե՛նք երթանք, փնտռե՛նք, գտնե՛նք մեր ազգին չքաւոր զաւակները եւ ձեռքերնիս երկարենք:  Կ՛ենթադրեմ, որ այս ձեւով ո՛չ մէկ հայ չքաւոր  անօթի պիտի մնայ, ո՛չ մէկ երեխայ առանց դպրոցի պիտի մնայ: Այս երեխաներն են մեր ազգին ապագան, պէտք ունինք առողջ երեխաներու` առողջ ազգ ունենալու համար:

28/12/2013

Share this Article
CATEGORIES