ՀԲԸՄ Պօղոս Գ. Կարմիրեան Վարժարան. Ինքնարտայայտման Ազատութիւն Եւ Ինքնավստահութիւն

VeraԱշխարհի բոլոր կրթական հաստատութիւններուն մէջ միշտ լուրջ  խնդիր եղած է աշակերտներուն նախաքննական շրջանի լարուածութիւնը, որ յաճախ ծանր  հետեւանքներու կը յանգեցնէ:

Այս խնդիրը լրջօրէն շօշափելու եւ կարելի անմիջական լուծումներ առաջարկելու նպատակով, ՀԲԸՄ Պ. Գ. Կարմիրեան վարժարանի տնօրէնութիւնը դպրոցի աշակերտութեան եւ անոնց ծնողներուն համար հանդիպում մը կազմակերպեց` մասնագէտ-հոգեբան  Վերա Սիսեռեանին հետ:

Նախատեսուած օրը, դպրոցին լեցուն սրահը ընդունեց օրուան բանախօսը, որ շատ գործնական, դիւրամատչելի եւ հաղորդական կերպով ներկայացուց նիւթը եւ առիթ տուաւ շատ հետաքրքրական ու օգտակար հարցադրումներու:

Ըստ հոգեբանին, բոլոր քննութիւնները անպայման որոշակի լարուածութիւն կը յառաջացնեն աշակերտին մօտ, երեւոյթ մը, որ կրնայ իր բացասական ազդեցութիւնը ձգել  անհատին առողջութեան վրայ:

Ինչպէ՞ս ձերբազատիլ այդ լարումէն եւ ի՞նչ միջոցներով կարելի է օգտակար ըլլալ աշակերտին, թեթեւցնելու անոր անձկութիւնը: Ահա այս եղաւ Վերա Սիսեռեանին դասախօսութեան առանցքը, որ մեծ հետաքրքրութեամբ ընդունուեցաւ թէ՛ աշակերտութեան, թէ՛ ուսուցիչներուն, եւ թէ՛ ներկայ ծնողներուն կողմէ:

Մարդը, որուն հոգեկերտուածքի ամրութեան մէջ մեծ դեր ունի կատարելիք դպրոցը, միշտ ենթակայ է արտաքին աշխարհի զանազան ազդակներու ազդեցութեան, հետեւաբար` նաեւ անոնց ներգործութեան:

Երբ որեւէ ազդակի իբրեւ հետեւանք մեծ յոյզեր ու  յուզումներ կը յառաջանան, ակամայ յիշողութիւնն ու մտածողութիւնը կը կորսնցնեն իրենց ճկունութիւնը եւ նոյնիսկ լաւ աշակերտը որոշակի կորուստներ կ՛ունենայ, մինչ միջակէն վար ընդունակութիւններու տէր աշակերտը բազմապատիկ կը տուժէ:

Վ. Սիսեռեանը խօսեցաւ բազմաթիւ գործնական ուղիներու մասին, որոնց գործադրութիւնը կարելի է, եւ ճիշդ ու բարեխիղճ մօտեցման պարագային մեծապէս կը նպաստեն աշակերտին հանգիստ ու ինքնավստահ կեցուածքի ամրապնդման:

Աշակերտի պարագային քննութիւնը նպատակին հասնելու միջոց պէտք է ըլլայ, եւ ո՛չ ուսուցիչին կամ ծնողքին առջեւ հաշուետու ըլլալու պարտադրանք:

Համակարգուած աշխատանք, անհրաժեշտ ժամանակ եւ ինքնավստահութիւն` ահա այն երեք կարեւոր գործօնները (եւ ոչ միայն), որոնք անշեղօրէն կը նպաստեն առաւել արդիւնաւէտ ելքի:

Բանախօսին օգտաշատ դասախօսութիւնը մեծապէս նպաստեց, որ ներկաները անդրադառնան շատ մը պարզ, բայց կարեւոր երեւոյթներու, որոնք տեղին ու ժամանակին կիրարկելու պարագային աշակերտը անպայման կը շահի:

Դասախօսութեան աւարտին դպրոցին տնօրէնը  Մարալ Պալեօզեան, շնորհակալութիւն յայտնեց հոգեբանին եւ ներկաներուն մաղթեց, որ գալիք քննական շրջանը դիւրութեամբ յաղթահարուի:

Share this Article
CATEGORIES