Հայ Աւետարանական Վարժարան – Այնճար. Ծնունդի Համերգ Եւ Թատրոն. Պէյրութ Եւ Այնճար

aved-(2)aved-(1)Կազմակերպութեամբ Այնճարի Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանի տնօրէնութեան, ուրբաթ, 3 եւ շաբաթ, 4 յունուար 2014-ին, տեղի ունեցաւ Ծնունդի համերգ եւ թատրոն Պէյրութի եւ Այնճարի մէջ: Ծնունդի համերգը կատարեց դպրոցի «Նայիրի» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ` Նեկտար Փալազեանի եւ դաշնակի ընկերակցութեամբ`  Լոռի Այնթապլեանի: Իսկ խումբ մը աշակերտներ ներկայացուցին «Մանուկներու դժուարութիւնները մսուրին տակ»` հեղինակութեամբ Գայեանէ Մսըրլեանի:

Ուրբաթ, 3 յունուարին տեղի ունեցաւ առաջին ներկայացումը Նոր Մարաշի Հայ Աւետ. եկեղեցւոյ «Հասէսեան» սրահին մէջ: Իսկ 4 յունուարին ելոյթը տեղի ունեցաւ Այնճարի «Հետուիկ» սրահին մէջ: Երկու ներկայացումներուն ալ ներկայ էր հոծ բազմութիւն մը:

Զոյգ հանդիսութիւնները սկսան վարժարանի տնօրէն վեր. Րաֆֆի Մսըրլեանի բացման խօսքով, որուն մէջ ան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ շեշտեց, որ այս հանդիսութեան նպատակն է յատուկ ձեւով տօնել եւ վայելել Տէր Յիսուսի ծնունդի խորհուրդը: Ան նաեւ ներկայացուց տրամախօսութեան նիւթը` բացատրելով, որ մեր շուրջը կան մանուկներ, որոնք տարբեր տեսակի դժուարութիւններ ունին, եւ իւրաքանչիւրս կրնանք բան մը ընել օգնելով եւ անոնց դժուարութիւնները թեթեւցնելով:

Բացման խօսքէն անմիջապէս ետք, աշակերտներ ներկայացուցին թատրոնը, որ աւարտեցաւ Կաղանդ պապայի մարտահրաւէրով: Կաղանդ պապան ըսաւ. «Վերջապէս Յիսուս Քրիստոսի ծնունդով կրցանք ունենալ սէր եւ համբերութիւն: Ան աշխարհ եկաւ, որպէսզի մարդոց տայ յատուկ սէր մը, որ միշտ պատրաստ է ներելու, զոհուելու եւ զիջելու: Այո՛, սիրելի մանուկներ, ես ամէն տարի պիտի երթամ դէպի Բեթղեհէմ` մարդոց փոխանցելու ներելու եւ նուիրուելու պատգամը …»:

Թատրոնէն անմիջապէս ետք «Նայիրի» երգչախումբը, առաջնորդութեամբ Նեկտար Փալազեանին, ներկայացուց ծնունդի հայերէն եւ անգլերէն փունջ մը երգեր, աւետելով ներկաներուն Յիսուս մանուկին բերած բարի լուրը եւ աւարտեցին «Գնա եւ մոմերդ վառէ» երգով, ժողովուրդին նուիրելով վառած մոմեր, որպէս խորհրդանիշ յանձնառութեան եւ նուիրումի, երթալու եւ իրենց մոմերով լուսաւորելու յուսահատ անձերու սիրտերը եւ կեանքը Տէր Յիսուսի ծնունդով:

Ձեռնարկի աւարտին, վեր. Ր. Մսըրլեան շնորհակալութիւն յայտնեց` ծաղկեփունջով մը,  Ն. Փալազեանին` որպէս խմբավար եւ Լ. Այնթապլեանի` որպէս դաշնակի ընկերակցող եւ Գ. Մսըրլեանին` որպէս հեղինակ թատրոնի: Ձեռնարկը աւարտեցաւ վեր. Ր. Մսըրլեանի աղօթքով:

ՆԵՐԿԱՅ ՄԸ

Share this Article
CATEGORIES