Ազգային «Յառաջ – Գ. Կիւլպէնկեան» Քոլեճ. Կաղանդի Առթիւ` Գեղարուեստական Յայտագիր


Ուրբաթ, 20 դեկտեմբեր 2013-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Այնճարի «Գ. Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ, Ազգային «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» քոլեճի աշակերտներ ելոյթ ունեցան ամանորեան գեղարուեստական ճոխ յայտագիրով` երգով, պարով ու ասմունքով, արժանանալով բոլորին բուռն ծափահարութեան ու քաջալերանքին:
Ձեռնարկին ներկայ էին քահանայ հայրեր, Այնճարի քաղաքապետ Կարօ Փամպուքեան, ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէն, Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդն ու տիկնանց միութիւնը, վարժարանին խնամակալութիւնը, ծնողական խորհուրդը, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ ու խուռներամ բազմութիւն մը:
Լիբանանի ու Հայաստանի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, բացումը կատարեց վարժարանի Ժ. դասարանի աշակերտ Վարդ Զէյթլեան, որ նշեց, թէ սոյն ձեռնարկը իր մէջ կ՛ամփոփէ Կաղանդի տօնին կենսաւէտ խորհուրդը` արուեստի ճամբով սփռելու Ս. Ծննդեան սէրը, Կաղանդի ջերմութիւնն ու բարի մաղթանքները: «Թող լոյսի փաթիլները ճերմակ երազներով զովացնեն բոլոր մութ ու անմխիթար սիրտերը. թող մարդոց հոգիները չպղտորին նենգամիտ ձգտումներով. թող մարդիկ սիրով ու յարգանքով ապրին, եւ խաղաղութիւն տիրէ աշխարհին վրայ»:
Նախակրթարանի Դ., Ե. եւ Զ. դասարաններու աշակերտական երգչախումբը` խմբավարութեամբ երգի դասատու Նայիրի Հապէշեանի, յաջորդաբար մատուցեց «Փոքրերի աշխարհ» (մենակատարներ` Լոռի Գառնէշեան ու Սարիա Սգայեան), «Լուռ գիշեր», «Զանգակներ», «Տինկ-տօնկ», «Զընգ-զընգ» երգերը:
Այնուհետեւ, աւարտական դասարանի աշակերտներէն Վարագ Տիւքէնճեան ասմունքեց Եդուարդ Պոյաճեանի «Գինով Ալեքսան» բանաստեղծութիւնը:
Պարերու շարքին բացումը կատարուեցաւ «Աւարայր»-ով` երկրորդականի պարախումբին կատարողութեամբ (գեղարուեստական ղեկավար` Ժիրայր Քէչէճեան): Ապա, նազ պարով հանդէս եկաւ աղջիկներու եռեակ մը` մենակատարելով «Ամպեց կորաւ»-ը: Ներկաներուն մօտ հետաքրքրութիւնը, ծափահարութիւնն ու խանդավառութիւնը անխախտ մնացին, հետեւելով նախակրթարանի մատուցած ազգագրական պարին, որմէ ետք երկրորդական բաժինի տղաքն ու աղջիկները բեմը ծաղկեցուցին «չաչա»-յի պարով:
ԺԱ. դասարանէն Վարանդ Տումանեանի կողմէ արտասանուած եղերաբախտ բանաստեղծ Պարոյր Սեւակի «Դիմում Նոր տարուան» բանաստեղծութենէն ետք, «Լիբանան հայրենիք»-ի նուիրուած երգի կշռոյթով քոլեճի պարախումբը գեղարուեստական յայտագիրի եզրափակիչ պարով անգամ մը եւս հմայեց ներկաները:
Հաղորդավարներ` Վարդ Զէյթլեան, Շաղեր Արուշեան եւ Վարանդ Հաճեան մերթ ընդ մերթ իրենց արտասանական ելոյթներով Նոր տարուան ու Ս. Ծննդեան խորհուրդով պարուրեցին հանդիսատեսներուն հոգիները:
Խանդավառուած մթնոլորտէն, յայտագիրի աւարտին տեղի ունեցաւ նուիրատուութիւն:

