Վիտիչ Երեք Մրցումով Կախակայուեցաւ

vidicՄանչեսթըր Եունայթըտի խմբապետ Նեմանժա Վիտիչ, որ նախորդ շաբաթավերջին Չելսիի դէմ տեղի ունեցած «Փրեմիեր լիկ»-ի մրցումին կորսուած վայրկեաններուն կարմիր քարտ մը ստանալով վտարուեցաւ դաշտէն, Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին որոշումով երեք մրցումով կախակայուեցաւ:

Անոր կախակայման որոշումը սկսաւ գործադրուիլ արդէն իսկ երէկ, երբ անոր կազմը Անգլիոյ ֆութպոլի լիկայի բաժակի մրցաշարքին կիսաւարտականի դարձին մրցեցաւ Սանտըրլենտի դէմ:

Ան պիտի բացակայի նաեւ ախոյեանութեան գծով Քարտիֆ Սիթիի եւ Սթոք Սիթիի դէմ կատարուելիք մրցումներէն:

Share this Article
CATEGORIES