Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. Դասախօսութիւններ` «Մարմնական Փոփոխութիւններ` Տարիքի Յառաջացման Ընթացքին» Նիւթով

Մէյրի Արեւեան
Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, երէկ` չորեքշաբթի, 22 յունուար 2014-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Մարմնական փոփոխութիւններ` տարիքի յառաջացման ընթացքին» նիւթով դասախօսութիւնը, զոր ներկայացուց Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի դասախօս Մէյրի Արեւեան:
Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց Յասմիկ Մկրեան, որ նշեց, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը 2014-ը հռչակեց «Տարեցներու տարի», հետեւաբար դասախօսութիւններու այս շարքի նիւթերը առնչուած պիտի ըլլան այս թեմային: Յասմիկ Մկրեան բացատրեց, թէ տարիքի յառաջացումը անխուսափելի եւ բնական ընթացք է, այլազան մարմնական փոփոխութիւններով: Կարելի է այս փոփոխութեան ընթացքը պահել առողջ պայմաններու մէջ, երբ հերթականօրէն կը կատարուին բժշկական քննութիւնները եւ դարմանումները:
Մէյրի Արեւեան դասախօսութեան սկսաւ նշելով, որ ծերութիւնը առանձնաշնորհում մըն է, 20-րդ դարու նուէրն է մարդկութեան, մանաւանդ անցեալին շատեր կը մահանային կանուխ տարիքին` ծննդաբերութեան ընթացքին կամ վարակիչ հիւանդութիւններու պատճառով: Սահմանելով, թէ ի՛նչ է ծերութիւնը, Արեւեան նշեց. «Ծերութիւնը բոլոր փոփոխութիւններուն ընդհանուր գումարն է, որ տեղի կ՛ունենայ ժամանակի ընթացքին եւ կը յատկանշուի մարմնի ուժականութեան նուազումով»:
Որո՞նք են ծերութեան յատկանիշները.
1.- Կրօնական, ընկերային եւ մշակութային արժեքները մեծ ազդեցութիւն ունին ծերութեան վրայ:
2.- Մտային կարողութիւնը չի նուազիր տարիքի յառաջացման պատճառով:
3.- Մարմինը հակամէտ կ՛ըլլայ տարբեր հիւանդութիւններու:
Որո՞նք են յառաջացած տարիքի մարտահրաւէրները.
1.- Ընկերային յարաբերութիւններ մշակել:
2.- Կեանքը իմաստաւորել:
3.- Գոհացում տուող հետաքրքրութիւններ մշակել:
Որո՞նք են Ֆիզիքական այն փոփոխութիւնները, որոնք տեղի կ՛ունենան տարիքի բերմամբ.
Դասախօս Մէյրի Արեւեան այս բաժինով յաջորդաբար նշելով տարբեր փոփոխութիւններ, տուաւ բացատրութիւններ եւ լուսաբանութիւններ:
1.- Մորթը: Մորթը կը բարակնայ եւ կը չորնայ, այսպիսով մարմինը հակամէտ կը դառնայ վէրքերու:
2.- Շնչառութիւնը: Թոքի մկանները տկարանալով կը զարգանան շնչառական զանազան հիւանդութիւններ:
3.- Սիրտը եւ երակները: Որքան շնչերակները բաց ըլլան, այնքան սիրտը լաւ կ՛աշխատի եւ առողջ կը մնայ: Ճարպով ճաշերու օգտագործումը յաճախ պատճառ կ՛ըլլայ երակներու խցման:
4.- Մարսողական գործարանները: Ատամները աստիճանաբար կը փճանան: Մարսողական գործարաններու մկանները կը տկարանան: Աղիքներու աշխատանքը կը դանդաղի` պատճառելով պնդութիւն: Այս պարագային ճաշը պէտք է լաւ ծամել, փոքր քանակութեամբ, բայց յաճախ (6 անգամ, փոխան 3 անգամի) ուտել: Կանաչեղէն եւ պտուղ ունենալ ճաշացուցակին վրայ:
5.- Միզային գործունէութիւնը: Տարիքի բերմամբ երիկամներու բջիջներուն քանակը կը նուազի, միզամանին մկանները կը տկարանան: Անհրաժեշտ է միզամանը յաճախ պարպել, քնանալէ առաջ քիչ ջուր խմել:
6. – Ոսկրային համակարգը: Մկաններու տկարանալուն զուգահեռ ոսկորներու զանգուածը կը նուազի` պատճառելով ոսկրափտութիւն: Ոսկորները կը դառնան աւելի դիւրաբեկ: Անհրաժեշտ է քալսիումի եւ «Տի.» կենսանիւթի դեղահատներ գործածել, մանաւանդ կիներու պարագային:
7.- Զգայարանները: Զգայարանները աստիճանաբար կը տկարանան, տեսողութիւնը, լսողութիւնը, ինչու չէ նաեւ համի զգացողութիւնը: Թելադրելի է, որ աչքերը, լսողութիւնը տարին մէկ անգամ քննուին, համապատասխան դարմանումները կատարուին մասնագէտ բժիշկի հսկողութեամբ:
8.- Դիմադրողականութեան համակարգը: Դիմադրողականութեան համակարգը աստիճանաբար կը տկարանայ, մարմինը աւելի հակամէտ կը դառնայ վարակիչ հիւանդութիւններու: Այս պարագային սննդարար ճաշերը, մանաւանդ թարմ պտուղները, կանաչեղէնները անհրաժեշտ են: Կրիփի պատուաստը կը նուազեցնէ վարակումները յառաջացած տարիքին:
9.- Վերջապէս, ջերմաստիճանի կարգաւորումը տարեցներուն մօտ աւելի դանդաղ տեղի կ՛ունենայ, այս պատճառով անոնք յաճախ դժուարութիւն կ՛ունենան տաք եւ պաղ միջավայրերու յաճախակի փոփոխութիւններուն ընթացքին:
Աւարտին Մէյրի Արեւեան շեշտեց մարմինը միշտ շարժումի մէջ պահելու անհրաժեշտութիւնը: Դասախօսը բացատրութիւններով, լուսաբանութիւններով պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն` բոլորին մաղթելով երկար եւ առողջ կեանք:

