Ջութակի Եւ Կիթառի Զուգանուագ` Օնտին Պրիզիանոյի Եւ Մկրտիչ Միքայէլեանի Կատարողութեամբ

IMG_9310Երեքշաբթի, 21 յունուարի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, կազմակերպութեամբ Լիբանանի պետական բարձրագոյն երաժշտանոցին, «Սեն Ժոզեֆ» համալսարանի «Փիեռ Ապու Խաթեր» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ջութակի եւ կիթառի զուգանուագ` կատարողութեամբ Օնտին Պրիզիանոյի եւ Մկրտիչ Միքայէլեանի:

Ներկայացուեցաւ բաւական հարուստ երաժշտական յայտագիր մը` սկսած դասական երաժիշտներու գործերէն մինչեւ ժամանակակից երաժիշտներու ստեղծագործութիւնները: Դասական ժամանակաշրջանէն ներկայացուած ստեղծագործութիւններն էին Շայտլըրի` ջութակի եւ կիթառի համար յօրինած սոնաթը, բաղկացած` երեք մասէ` «Ալլեկրօ» «Ռոմանցա» եւ «Ռոնտօ» եւ Ճունիանիի` դարձեալ ջութակի եւ կիթառի համար յօրինած զուգանուագը, բաղկացած` երեք մասէ` «Անտանթինօ» «Մինուեթթօ Սքերցոսօ» եւ «Ռոնտօ»: Դէպի ժամանակակից անցումի շրջանի ստեղծագործութիւններէն Պրիզիանօ եւ Միքայէլեան նուագեցին Իպերթի «Անթրաքթ»-ը, Կոնցալեսի «Տանզա տէ լոս Ամանթես Էֆիմերոս»-ը, Տի Մարինոյի «Միլոնկա»-ն, Փիացոլլայի «Քաֆէ 1930»-ը եւ դարձեալ Փիացոլլայի «Ֆրանքանաֆա»-ն (վերջինս առաջին անգամ ըլլալով կը մշակուի Մկրտիչ Միքայէլեանի կողմէ):

Բարձր մակարդակի զուգանուագ մըն էր, որուն ընթացքին ներկայացուեցաւ լաւ պատրաստուած երաժշտական յայտագիր: Ելոյթին ներկաները բարձր գնահատեցին ներկայացուած երաժշտական կտորները:

Յայտնենք, որ Մկրտիչ Միքայէլեան 2002-էն ի վեր Օնտին Պրիզիանոյի հետ բազմաթիւ ելոյթներ ունեցած է:

Share this Article
CATEGORIES