ՀՄԸՄ-ի Ֆութպոլի Միջմասնաճիւղային Մրցաշարք. 5-րդ Հանգրուանի Մրցումներուն Արդիւնքները

6-րդ հանգրուանի մրցումներով, որոնք տեղի պիտի ունենան այս շաբաթավերջին, կ՛աւարտի ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի միջմասնաճիւղային երկրորդական խումբերու (97-98-ի ծնունդ) մրցաշարքին Ա. հանգրուանը, որմէ ետք մրցաշարքը կը շարունակուի 4 խումբերով, որոնք կը գրաւեն ընդհանուր դասաւորման առաջին չորս դիրքերը:

Ինչ կը վերաբերի նախորդ շաբաթավերջին ՀՄԸՄ-ի «Հայր Պօղոս Արիս» ֆութպոլի մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցած 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն, արձանագրուեցան հետեւեալ արդիւնքները.

Լէյլաւան – Դանիէլ Վարուժան 5-4
Նաւասարդեան – Եղիշէ Չարենց 8-0
Սարդարապատ – Աղբալեան 2-1
Share this Article
CATEGORIES