Տիգրան Քոթանճեան. «Սկիզբէն Կը Հաւատայի, Որ Հայաստանի Ախոյեան Պիտի Դառնամ»

tigranԻնչպէս ծանօթ է, 21 յունուար 2014-ին Տիգրան Պետրոսեանի անուան ճատրակի կեդրոնական տան մէջ աւարտեցան Հայաստանի ճատրակի տղոց 74-րդ եւ աղջկանց 69-րդ ախոյեանութեան բարձրագոյն խումբի մրցումները:

Տղոց պայքարին մէջ ամէնէն զօրաւորը գտնուեցաւ եւ ասպարէզին ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով Հայաստանի ախոյեան հռչակուեցաւ Տիգրան Քոթանճեան, որ առաւելագոյն 9 կէտէն ապահովեց 6,5 կէտ:

Այսպիսով, Քոթանճեան ոչ միայն Հայաստանի նոր ախոյեանն է, այլեւ իրաւունք եւ պատիւ ունի ըլլալու Հայաստանի ճատրակի ազգային հաւաքականին 5-րդ անդամը:

ArmSport.am Հայաստանի նորընծայ ախոյեանին հետ ունեցաւ կարճատեւ հարցազրոյց մը` ներկայացնելու համար անոր վերջին բացառիկ նուաճումը: Ստորեւ` կարճ հարցազրոյցը:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Նախ եւ առաջ կը շնորհաւորենք այս բացառիկ յաջողութիւնը: Ո՞ր պահէն սկսար հաւատալ, որ կրնաս Հայաստանի ախոյեան հանդիսանալ:

ՏԻԳՐԱՆ ՔՈԹԱՆՃԵԱՆ.- Ախոյեանութեան սկիզբէն իսկ կը հաւատայի, որ Հայաստանի ախոյեան պիտի դառնամ: Կատարած մրցումներուս ընթացքին առաջին երեք յաղթանակները ինծի համար եղան շատ կարեւոր` նկատի ունենալով, որ անոնք ինծի համար դարձան անկիւնադարձային: Կարծիքովս, լաւագոյն ներկայացումը, որ կատարեցի, երրորդ հանգրուանի մրցումն էր:

Հ.- Իսկ ի՞նչ է կարծիքդ հաւաքականին մաս կազմելուդ մասին:

Տ. Ք.- Ես եղած եմ հաւաքականին մէջ եւ գիտեմ, որ անիկա շատ մեծ պատասխանատու գործ է, լարուածութիւնը աւելի մեծ է: Կը կարծեմ, որ եթէ խաղամ հաւաքականին հետ, պէտք է շատ լաւ խաղամ:

Հ.- Ինչպէս ծանօթ է, յառաջիկայ մարտին Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ Եւրոպայի ճատրակի տղոց անհատական ախոյեանութիւնը: Ի՞նչ ունիս ըսելիք այդ մասին:

Տ. Ք.- Եւրոպայի ախոյեանութեան պիտի մասնակցիմ եւ սովորականին նման պիտի պայքարիմ առաւելագոյն արդիւնքը արձանագրելու համար հաւաքականին հետ: Կը յուսանք, որ կը հանդիսանանք Եւրոպայի ախոյեան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES