Հալէպի Առօրեայէն
Հալէպի Մէջ Զոհուած Է Ասատուր Տիգրանեան
Հալէպի մէջ երկու օր առաջ զոհուած է Ասատուր Տիգրանեան: 1960-ին ծնած Տիգրանեան զոհուած է Ճտէյտէ թաղամասին մէջ, ականանետի արկի մը բեկորէն ստացած վնասուածքին պատճառով:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ երէկ` Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ:
55 Շաբաթ Փակ Մնալէ Ետք Վերստին Սկսաւ
Աշխատիլ Հալէպի Միջազգային Օդակայանը
Հալէպի միջազգային օդակայանը երկարատեւ դադարէ ետք վերաբացուած է: Օդակայանը ապահովական նկատառումներով 55 շաբաթէ ի վեր փակ էր: Հալէպէն դէպի օդակայան տանող մայրուղին պարբերաբար կը յայտնուէր ընդդիմադիր զինեալներու ձեռքերուն մէջ, այս պատճառով ալ անիկա չէր գործեր:
Երէկ օդակայանին մէջ վայրէջք կատարած է Դամասկոսէն ժամանած ուղեւորատար օդանաւ մը: Դիմաւորումի արարողութեան մասնակցած են Հալէպի նահանգապետը, ոստիկանապետը եւ այլ պաշտօնատարներ:
CATEGORIES Գաղութային

