ՔԱԿ «Ժընեւ-2»-ը Լոզանի Դաշնագիրին Նման Կը Նկատէ. Քիւրտերը Սուրիոյ Մէջ Ինքնավարութիւն Յայտարարած Են
«Ռաշա Թուտէյ» կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ քիւրտերը երեքշաբթի օր` Սուրիոյ հարցով «Ժընեւ-2» միջազգային խորհրդաժողովին նախօրեակին, հիւսիսային Սուրիոյ Ճեզիրէ, Աֆրին եւ Քոպանի շրջաններուն մէջ ինքնավարութիւն յայտարարած են:
«Արեւմտեան Քիւրտիստանի Ճեզիրէի նահանգը» պիտի ունենայ իր նախագահն ու 22 նախարարներ, ներառեալ` արտաքին գործոց, պաշտպանութեան, արդարադատութեան եւ կրթութեան նախարարներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրին քիւրտ, արաբ եւ ասորի ներկայացուցիչներ պիտի նշանակուին: Նախագահի պաշտօնը պիտի վարէ քիւրտ Էքրեմ Հեզոն: Ինքնավար նահանգի պաշտօնական լեզուներն են քրտերէնը, արաբերէնն ու ասորերէնը:
«Ֆիրաթ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ ինքնավարութեան յայտարարութիւնը կատարուած է Արեւմտեան Քիւրտիստանի ժողովրդավար ինքնավար կառավարութեան 52 կուսակցութիւններէ, քաղաքացիական ընկերութեան կազմակերպութիւններէ, երիտասարդական ու կիներու շարժումներէ ներկայացուցիչներէ ու 15 անկախ անհատներէ բաղկացած օրէնսդիր մարմինի ժողովէն ետք:
Քիւրտերը ինքնավարութիւն յայտարարած են «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին անկախ պատուիրակութեամբ մը մասնակցելու անոնց պահանջին մերժուելէն ետք:
Քրտական աշխատաւորական կուսակցութիւնը (ՔԱԿ) վերջերս հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ յայտնեց, որ «այնպիսի պահու մը, երբ բոլոր կողմերը խորհրդաժողովին կը հրաւիրուին, քիւրտերուն մասնակցութեան պահանջը անտեսուեցաւ»:
Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ սուրիական ընդդիմութեան «կեցուածքը Պաասական վարչակարգէն տարբեր չէ: Անոնք քիւրտ ժողովուրդին պահանջները լուրջի չեն առներ` ճիշդ Թուրքիոյ կեցուածքին նման»:
ՔԱԿ «Ժընեւ-2»-ը նմանցուց 1923-ի Լոզանի դաշնագիրին, որուն պատճառով քիւրտերը բաժնուեցան չորս երկիրներու` Իրանի, Թուրքիոյ, Իրաքի եւ Սուրիոյ միջեւ եւ զրկուեցան հայրենիք մը ունենալու իրաւունքէն:
Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ քիւրտերը «Լոզանի արդիւնքներէն մէկ դար տառապեցան: Ուստի, անոնք պիտի չարտօնեն, որ «Ժընեւ-2»-ը իրենց համար այլ Լոզան մը ըլլայ»:

