«Ժընեւ-2»-ը Ընթացք Առաւ Հրապարակային Բուռն Վէճերով

Խորհրդաժողովի բացումէն պահ մը

Խորհրդաժողովի բացումէն պահ մը

Երէկ առաւօտեան ժամը շուրջ 10:15-ին, Զուիցերիոյ Մոթրէօ քաղաքին մէջ ընթացք առաւ Սուրիոյ հարցով «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովը, որուն կը մասնակցին 40 երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները:  Նախքան ժողովին ընթացք առնելը, Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի յայտարարեց, որ «բոլոր ցուցանիշները ցոյց կու տան, որ մեծ յոյսեր պէտք չէ կապել, որ «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովը սուրիացի ժողովուրդին հարցերուն եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի լուծումի մը կը հասնի»: Ռուսիոյ Տումայի արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի նախագահ Ալեքսէյ Փուշքով իր կարգին յայտնեց, որ «Իրանը «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովէն հեռու պահելը խորհրդաժողովի յաջողութեան պիտի չնպաստէ»` աւելցնելով, որ «անոնք Իրանի դէմ կը պայքարին, երբ Սուրիոյ մէջ գլխաւոր հարցը ծայրայեղականութիւնն է»:

«Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Մոթրէոյի մէջ խորհրդաժողովի  սկիզբէն առաջ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի համաձայնութիւն գոյացուցած են, որ «Ժընեւ-2»-ի նպատակը Սուրիան միացեալ, անկախ, ժողովրդավար եւ աշխարհիկ պետութիւն մը դարձնելն է: «Մայատին» նաեւ հաղորդեց, որ սուրիական իշխանութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ բանակցութիւնները ընթացք պիտի առնեն ուրբաթ օր եւ աւարտին յառաջիկայ ուրբաթ օր:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն խորհրդաժողովի բացման արարողութեան ընթացքին իր արտասանած խօսքին ընթացքին յայտնեց, որ «սուրիական կառավարութեան եւ ընդդիմութեան առջեւ սուրիացի ժողովուրդի տառապանքին վերջ տալու մեծ առիթ մը գոյութիւն ունի»: Ան ըսաւ, որ բոլոր կողմերը սուրիական տագնապը յարանուանական հարցի վերածեցին` աւելցնելով, որ Սուրիոյ վարչակարգը ճշդելու պատասխանատուութիւնը սուրիացիներուն կը պատկանի: Ան նաեւ նշեց, որ բոլոր կողմերը կը ձգտին քաղաքական լուծումի մը, որ այլընտրանք չունի:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ «մեր հասարակաց առաքելութիւնը սուրիական ողբերգութեան վերջ տալն է, եւ Ամերիկայի հետ միացեալ աշխատանքով ու հաղորդակցութեամբ այս գործը իր աւարտին պիտի հասցուի»` աւելցնելով, որ լուծումը միայն Սուրիոյ տագնապի կողմերուն միջեւ ազգային ու քաղաքական երկխօսութեան ճամբով պիտի ըլլայ:

Լաւրով յայտնեց, որ իրենք Միացեալ Նահանգներու հետ պիտի գործակցին, որպէսզի ջանք թափուի գործադրելու համար «Ժընեւ-1»-ի հաղորդագրութեան կէտերը, որոնք կը նշեն, որ անհրաժեշտ է ընթացքին շուրջ համաձայնութիւն գոյացնել եւ զգուշանալ խաղաղ հոլովոյթը արգելակելէ` աւելցնելով, որ պէտք է յարգել քրիստոնեաները, որոնք 2000 տարի իսլամներուն կողքին ապրած են, սակայն տագնապը զանոնք գաղթի մղած է եւ իսլամներուն միջեւ վիհը խորացուցած:

Ռուսական դիւանագիտութեան պետը ընդգծեց, որ ժընեւի հաղորդագրութեան գործադրութեան համար պէտք է Իրանը մասնակից դարձնել: Ան ըսաւ, որ խորհրդաժողովին պարտականութիւնը Սուրիոյ աղէտալի տագնապին վերջ տալն ու շրջանին մէջ անոր տարածումը կանխարգիլելն է:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի յայտնեց, որ «Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ Սուրիոյ մէջ փոխանցման կառավարութեան մաս պիտի չկազմէ, որովհետեւ չենք կրնար երեւակայել ձեւ մը, որ իր ժողովուրդը չարչարած պատասխանատու անձնաւորութիւն մը այս կառավարութեան մէջ ըլլայ»: Ան յայտնեց, որ իրենք յանձնառու են գտնելու ձեւ մը, որուն ճամբով սուրիացի ժողովուրդը իր իշխանաւորները ընտրէ` աւելցնելով, որ միակ արգելքը մէկ անձի եւ մէկ ընտանիքի իշխանութեան կառչիլն է:

Քերրի ըսաւ, որ իրենք Ժընեւի հաղորդագրութիւնը գործադրելու առումով յանձնառու են, եւ իրենց պարտաւորութիւնը զայն գործադրելն է: Ան սուրիական վարչակարգը ամբաստանեց ահաբեկչութեան Սուրիա մուտք գործելու առիթ ընծայելու յանցանքով:

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմ ցաւ յայտնեց, որ «կարգ մը երկիրներու ներկայացուցիչներ մեզի հետ նստած են եւ անոնց ձեռքերը սուրիացիներուն արեամբ ներկուած են»` աւելցնելով, որ Սուրիոյ կայունութիւնը քայքայել ուզողներուն դիմակը ինկած է: Ան հարց տուաւ, որ «չեչեն, թուրք, սէուտցի կամ բրիտանացի ահաբեկիչը ինչպէ՞ս կրնայ սուրիացի ժողովուրդին ձգտումները իրականացնել»:

«Այն ինչ որ Սուրիոյ մէջ տեղի կ՛ունենայ յեղափոխութեան անուան տակ արտասահմանէն եկող ահաբեկչութիւն է», որ սուրիական յեղափոխութեան տրամադրեց «մարդկային կերպարանքով գազաններ», նկատել տուաւ Մոալլեմ: Ան ընդգծեց, որ այն ինչ որ տեղի ունեցաւ կարելի պիտի չըլլար` առանց Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի ղեկավարութեամբ թրքական կառավարութեան, որ ահաբեկիչներուն ամէն դիւրութիւն ընծայեց եւ ահա այսօր ատոր գինը կը վճարէ, եւ «ան որ պատմութենէն չի սորվիր, պիտի պարտուի, սակայն կարգ մը դրացիներ Սուրիոյ մէջ կրակ վառեցին»:

Սուրիոյ դիւանագիտութեան պետը ըսաւ, որ Սուրիա անհրաժեշտ ձեւով ինքզինք պաշտպանելու համար ամէն բան պիտի ընէ: «Եթէ Սուրիոյ մէջ մարդասիրական կացութենէն մտահոգ էք, ապա դադրեցէք միջամտելէ», ըսաւ ան:

Մոալլեմ խօսքը ուղղակիօրէն Քերրիին ուղղելով յայտնեց, որ «աշխարհի վրայ ոչ ոք իրաւունք ունի օրինականութիւն պարգեւելու բացի սուրիացիներէն»: «Մենք պիտի շարունակենք ահաբեկչութիւնը հարուածել եւ եկանք, որպէսզի բոլորը իրենց պարտաւորութեան առջեւ դնենք, որովհետեւ քաղաքական գործունէութիւնն ու ահաբեկչութիւնը չեն կրնար մէկ գիծի վրայ ըլլալ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ «հիմնականը երկխօսութիւնն է, եւ կ՛ըսենք, որ միջսուրիական երկխօսութիւնը Սուրիոյ հողերուն վրայ է»:

Նշենք, որ Քի Մունի եւ Մոալլեմի միջեւ վէճ մը ծաւալեցաւ, երբ վերջինս իւրաքանչիւր խօսք առնողի յատկացուած 10 վայրկեանը շրջանցեց: Մոալլեմ խնդրեց մէկ նախադասութիւն եւս արտասանել, Քի Մուն խնդրեց, որ իր խոստումը յարգէ, որուն Մոալլեմ պատասխանեց. «Սուրիա միշտ իր խոստումները կը յարգէ»: Մոալլեմի խօսքի աւարտէն ետք, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը ներկաներուն կոչ ուղղեց «բարի կամեցողութեամբ խորհրդաժողովին մասնակցող» երկիրներուն հասցէին ուղղակի ամբաստանութիւններ չուղղել եւ գրգռիչ արտայայտութիւններ չունենալ:

Սուրիական ընդդիմադիր եւ յեղափոխական ուժերու Ազգային համաձայնական մարմինի նախագահ Ահմետ Ժարպա իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ իրենք խորհրդաժողովին ներկայացած են ամբողջական կերպով համաձայն գտնուելով Քի Մունի ուղղած հրաւէրին, որ կ՛ակնարկէր «Ժընեւ-1» որոշումներուն գործադրութեան եւ փոխանցման կառավարութեան կազմութեան, «որ «Ժընեւ -2»-ի միակ նիւթն է»` աւելցնելով, որ Ասատի իշխանութեան վրայ մնալու մասին որեւէ խօսք «Ժընեւ-1»-ի հոլովոյթէն դուրս գալ կը նշանակէ:

Ժարպա Սուրիոյ կառավարութեան պատուիրակութեան կոչ ուղղեց` «Ժընեւ-1»-ի հաղորդագրութիւնը ստորագրելու: Ան ըսաւ, որ Սուրիական ազատ բանակը պայքար կը մղէ վարչակազմին կողմէ Սուրիա հրաւիրուած ահաբեկիչներուն, մասնաւորաբար Հըզպալլայի դէմ, «որ այսօր Լա Հէյի մէջ կը դատուի Լիբանանի նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրին ու Լիբանանի մէջ կարծիքի տէր ղեկավարները սպաննելուն համար: Աշխարհի վրայ անոր ահաբեկչական արարքները ծանօթ են»` աւելցնելով, որ Սուրիական ազատ բանակը իրանեան Յեղափոխական պահակագունդին դէմ եւս կը կռուի:

«Զէնքի ուժով ինքնապաշտպանութիւնը մեր ընտրանքը չէր, սակայն այդ ընտրանքը մեզի պարտադրուեցաւ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ «Ապահովութեան խորհուրդին մէջ վեթոն մեզ մորթեց»:

Չինաստանի արտաքին գործոց նախարար Ուանկ Եի յայտնեց, որ «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովը «պէտք է Սուրիոյ պատմութեան սկիզբը ըլլայ»` յոյս յայտնելով, որ Սուրիա նոր հանգրուան մը սկսի, բարգաւաճ կեանք մը ապրի եւ միջազգային ընտանիքին յարգուած անդամներէն մէկը ըլլայ: Ան ըսաւ, որ «որքան ալ տագնապները բիրտ ըլլան, կրնանք զանոնք քաղաքական գետնի վրայ լուծել, եթէ բարի կամք եւ լուրջ աշխատանք ըլլայ»` շեշտելով, որ այդ ամբողջը իրագործելու համար պէտք է աշխատիլ: «Մեր նպատակը Սուրիոյ մէջ բռնարարքներու դադրեցումն է` առ ի պատրաստութիւն խաղաղ բանակցութեանց», նշեց ան` Միջին Արեւելքի կայունութեան մէջ կարեւորութիւնը շեշտելով, «որպէսզի պառակտումը շրջանին մէջ չտարածուի»: Ուանկ Լի ընդգծեց, որ պէտք է դուրսէն քաղաքական լուծումներ պարտադրելէ զգուշանալ:

Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուիլիըմ Հէյկ զգուշացուց, որ եթէ խորհրդաժողովը ձախողի, ապա հարիւր հազարաւոր սուրիացիներ այդ ձախողութեան գինը պիտի վճարեն: Ան սուրիական երկու պատուիրակութեանց կոչ ուղղեց բանակցութեանց ձեռնարկելու` քաջ գիտնալով, որ Սուրիոյ ճակատագիրը խնդրոյ առարկայ է, եւ իրենք պէտք է իրենց պատասխանատուութեանց տէր կանգնին: «Ժընեւ-2»-ը պէտք է քաղաքական լուծումի առաջնորդէ», ըսաւ ան:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու յայտնեց, որ «սուրիական ընդդիմութիւնը սուրիացի ժողովուրդը ներկայացնելուն, իր պայքարին կառչած մնալուն եւ տագնապին լուծումի մը հասնելու փաստը տուաւ»` հարց տալով, որ «սուրիական վարչակարգի ներկայացուցիչները ամօթ չե՞ն զգար, ինչպէ՞ս իրենք զիրենք անմեղ կը յաւակնին ըլլալ»:

«Աշխարհի մէջ միլիոնաւոր ահաբեկիչներ կան, որոնք կը փորձեն Սուրիոյ մէջ ապաստանարան մը գտնել, եւ բոլորս գիտենք, թէ Սուրիոյ մէջ ահաբեկիչները որո՛նք են», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ «Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգի քաղաքականութեանց պատճառով համայնքայնութեան երեւոյթը վատթարացաւ»: Ան ցաւ յայտնեց գոյութեանը համար սուրիական կառավարութեան նման կառավարութեան մը, որ «քաղաքայիններուն տառապանքը երբեք չի զգար»:

Տաւութօղլու բոլորին կոչ ուղղեց իրենց պատասխանատուութեանց տէր կանգնելու եւ սկսելու փոխանցման հանգրուանի մը, որ «ուժեղ ու ժողովրդավար» Սուրիա մը պիտի կառուցէ: «Թուրքիա Սուրիոյ մէջ քաղաքական լուծումին կը հաւատայ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ «պէտք է ամբողջական լիազօրութեան տէր փոխանցման իշխող մարմին մը կազմել»:

Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Սէուտ Ֆայսալ իշխանը յայտնեց, որ «անհրաժեշտ է «Ժընեւ-1» խորհրդաժողովի կէտերուն յանձնառու ըլլալ եւ զանոնք գործադրել»: Ան կոչ ուղղեց կազմելու փոխանցման կառավարութիւն մը, որ ամբողջական լիազօրութիւններ ունի, «եւ բնական է, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ կամ իր ձեռքերը արիւնով ներկուած ոեւէ այլ անձ այս դասաւորման մէջ որեւէ տեղ չունենայ»:

Սէուտական դիւանագիտութեան պետը կոչ ուղղեց, որ «օտար ուժերը դուրս գան Սուրիայէն, մասնաւորաբար իրանեան Յեղափոխական պահակագունդի ուժերն ու Հըզպալլայի միլիսականները, քաղաքներու պաշարումը վերցուի» եւ մարդասիրական օժանդակութեանց մատակարարման համար միջազգային վերահսկողութեամբ ապահով միջանցքներ յառաջացուին:

Ան նշեց, որ «սուրիացի ժողովուրդի օրինական ներկայացուցիչը Ազգային համաձայնական մարմինն է»` աւելցնելով, որ իրենք խորհրդաժողովին ներկայ գտնուած են հիմնուելով այն երաշխիքներուն վրայ, թէ ատոր նպատակը «Ժընեւ-1»-ը ամբողջական կերպով գործադրելն է, «եւ գիտենք, որ անոր ամէնէն կարեւոր կէտը ամբողջական լիազօրութեանց տէր փոխանցման կառավարութեան կազմութիւնն է»:

Մանսուր. «Այն Պնդումը, Թէ Սուրիոյ Տագնապին
Հըզպալլայի Մասնակցութիւնը Լիբանանի Վրայ
Կ՛ազդէ, Հաւատադրժողներու Լիբանան
Մուտք Գործելուն Ծածկոյթ Է»

Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ատնան Մանսուր յայտնեց, որ «չէզոքութիւն պահպանելու քաղաքականութեամբ ուզեցինք սուրիական հարցերուն չմիջամտել, որովհետեւ միջամտելը տեղահանութեան, գաղթի եւ յաւելեալ բարդացումի կ՛առաջնորդէ»` նշելով, որ «թէեւ Լիբանան սուրիական դէպքերուն նկատմամբ չէզոքութիւն պահեց, սակայն այդ դէպքերը իր նկատմամբ չէզոքութիւն չպահեցին, այլ անոր ապահովութեան եւ կայունութեան ազդեցին»:

Լիբանանեան դիւանագիտութեան պետը յայտնեց, որ «ան, որ կը պնդէ, թէ Սուրիոյ տագնապին Հըզպալլայի մասնակցութիւնը Լիբանանի վրայ ազդեց, խորքին մէջ կ՛ուզէ հաւատադրժողականներուն եւ ծայրայեղական խմբաւորումներուն Լիբանան մուտք գործելը ծածկել. կ՛ուզեն ուշադրութիւնը իրականութենէն շեղել եւ ոճիրները ծածկել»: Ան ըսաւ, որ «Ժընեւ-2»-ը քաղաքական լուծում մը գտնելու, գաղթականներուն իրենց երկիրը վերադառնալու եւ Սուրիոյ վերակառուցման ոսկի առիթ մըն է»` շեշտելով, որ «լուծումը միայն սուրիական կրնայ ըլլալ, եւ սուրիացիները միայն իրենց հայրենիքին ապագան կը ճշդեն` հեռու միջամտութիւններէն, որոնք միայն կացութիւնը կը վատթարացնեն»:

Քի Մուն. «Դժուար Գործը Ուրբաթ Օր Կը Սկսի»

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովի առաջին օրուան աւարտին տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց, որ աշխարհը կ՛ուզէ անմիջապէս վերջ տալ սուրիական տագնապին: Ան յոյս յայտնեց, որ բանակցութեանց ճամբով կարելի ըլլայ խաղաղ լուծումի հասնիլ եւ նշեց, որ սուրիական երկու կողմերը ուրբաթ օր Լախտար Իպրահիմիի հովանաւորութեամբ խաղաղութեան բանակցութեանց պիտի սկսին` աւելցնելով, որ «դժուար գործը ուրբաթ օր կը սկսի»:

Իպրահիմի իր կարգին յայտարարեց, որ այսօր պիտի սկսի սուրիական հակադիր երկու պատուիրակութեանց հետ առանձնաբար հանդիպումներ ունենալ` նշելով, որ երկու կողմերուն միջեւ մեծ վիհ մը գոյութիւն ունի, սակայն իրենց կողմէ «այս խորհրդաժողովին մասնակցիլ ընդունիլը մեծ քայլ մըն է»: Ան վստահեցուց, որ «մէկ սենեակի մէջ նստելուն պիտի հասնինք»:

 

Share this Article
CATEGORIES