Անգարայի Մէջ 470 Ոստիկաններ Պաշտօնէ Հեռացուած Են

AnkaraԹրքական «Էն.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ թրքական կառավարութիւնը ոստիկանութեան մէջ մաքրագործումի արշաւը շարունակելով` «Մեծ կաշառք» գայթակղութեան ծիրին մէջ Անգարայի մէջ պաշտօնէ արձակած է կամ այլ վայր փոխադրած 470 ոստիկաններ, որոնց շարքին նաեւ բարձրաստիճան սպաներ:

Միւս կողմէ, թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի գրասենեակէն ամիսներ առաջ յայտնաբերուած գաղտնալսումի սարքի ձայնային ազդանշան ստացող մասը յայտնաբերուած է Թուրքիոյ Գերագոյն դատարանի շէնքին տանիքին վրայ:

Օրաթերթը կը հաղորդէ, որ կառավարութեան ձեռնարկելիք հետագայ քայլերը յստակ պիտի դառնան, երբ Էրտողանի` Թուրքիա վերադառնալէն ետք անոր համապատասխան զեկուցում ներկայացուի:

Բացայայտումը կատարած է Թուրքիոյ ազգային հետախուզական ծառայութիւնը` ՄԻԹ-ը: Ի յայտ եկած է, որ Էրտողանի գրասենեակին մէջ տեղադրուած սարքը թեքնիք գետնի վրայ բաւական արդիական եղած է:

Share this Article
CATEGORIES