Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, պաղեստինցի Ահմետ Թահայի խմբաւորումը պատասխանատու է Հերմելի եւ Հարաւային արուարձաններուն պայթումներուն:

ՊԱԱԼՊԵՔԻ եւ անոր շրջակայքին ռմբակոծումը շարունակուեցաւ երէկ` Սուրիոյ ուղղութեամբ կատարուած ռմբակոծումներուն պատճառով:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Ուաթան» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի մէջ ապահովական կայունութիւնը կարելի կ՛ըլլայ վերահաստատել եւ պայթումներուն վերջ մը տալ, երբ Հըզպալլա հեռանայ Սուրիայէն:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ Հարաւային արուարձաններուն ապահովական կայունութիւնը երաշխաւորելու համար հինգ հազար զինուորականի կարիք կայ:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ կոչ կ՛ուղղէ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումին արդար ներկայացուցչութիւն ապահովելու` նոր կառավարութեան մէջ:

ՄԱՐՈՆԻՆԵՐՈՒ լիկային համաձայն, Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն պայթումը պատգամ մըն է` արագացնելու Լիբանանի ազգային միասնականութեան կառավարութեան կազմութիւնը:

ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու նախկին ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Աշրաֆ Ռիֆի յայտնեց, որ ինք վստահ է, թէ կառավարութեան կազմութեան խորհրդակցութիւններուն ընթացքին նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի պիտի վարէ այնպիսի բանակցութիւններ, որոնց շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ ապահովել Մայրիներու յեղափոխութեան արձանագրած յաղթանակները:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Միշել Ֆարաոն դատապարտեց Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն պայթումը եւ կոչ ուղղեց պայքարելու ահաբեկչութեան դէմ, ինչպէս նաեւ յանձնառու մնալու «Պաապտայի յայտարարութեան» գործադրութեան:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Ալեն Աուն շեշտեց, որ իրենք նշանակեալ վարչապետ Թամմամ Սալամին ներկայացուցած են իրենց կեցուածքը` արդար կերպով նոր կառավարութիւն մը կազմելու առումով:

«ԼԻՈՒԱ» օրաթերթին համաձայն, Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ վարչապետ Թամմամ Սալամին փոխանցեց 8+8+8 տարազին հիման վրայ կառավարութեան մաս կազմելու Փաղանգաւոր կուսակցութեան համաձայնութիւնը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES