Մուսթաքպալ Պլոքը Կը Շեշտէ Հըզպալլայի Զինեալներուն Սուրիայէն Հեռանալուն Կարեւորութիւնը

Մուսթաքպալ պլոքի անդամները կը յարգեն վերջին իրադարձութիւններու զոհերուն յիշատակը
Նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ նախագահեց Մուսթաքպալ պլոքի ընթացիկ նիստին, որ սկսաւ մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ Հերմելի, Արսալի եւ Հարեթ Հըրէյքի մէջ արձանագրուած զոհերուն յիշատակը յարգելով:
Նիստին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան ներքին իրադարձութիւնները, որոնց վերաբերեալ պլոքին հրապարակած հաղորդագրութիւնը կարդաց երեսփոխան Ամմար Հուրի:
Մուսթաքպալ հոսանքը Լիբանանէն պահանջեց անշեղ մնալ իր չէզոք կեցուածքէն, ինչպէս նաեւ Հըզպալլայէն պահանջեց իր զինեալները Սուրիայէն հեռացնել:
Հուրի նշեց նաեւ, որ Մուսթաքպալ հոսանքի պահանջն է լիբանանեան բանակն ու միջազգային ուժերը տեղակայել Լիբանան-Սուրիա սահմանային շրջաններուն մէջ:
Կառավարութեան կազմութեան առումով Մուսթաքպալ հոսանքը կտրականապէս մերժեց կառավարութեան որոշումները արգելակող մէկ երրորդի դրութիւնը, ինչպէս նաեւ մերժեց կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մէջ որդեգրել Բանակ, ժողովուրդ, դիմադրութիւն տարազը` պահանջելով «Պաապտայի յայտարարութեան» ամբողջական որդեգրումը` նկատի ունենալով, որ անիկա վաւերացուած է Ազգային երկխօսութեան նիստին ընթացքին:

