Նշանակեալ Վարչապետը Ընդունեց Պուլոս Մաթար Եպիսկոպոսը

Խազեն, Մաթար եպիսկոպոս եւ Սալամ

Խազեն, Մաթար եպիսկոպոս եւ Սալամ

Նշանակեալ վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ Մսայթպէի իր բնակարանին մէջ ընդունեց մարոնի համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոսը, որուն ընկերակցեցաւ Մարոնի համայնքի ընդհանուր խորհուրդի նախագահ, նախկին նախարար Ուատիհ Խազենը:

Մաթար եպիսկոպոսն ու Խազենը Թամմամ Սալամին յանձնեցին հրաւէր մը` ներկայ գտնուելու կիրակի, 9 փետրուար 2014-ին, Մար Մարունի տօնին առիթով Ժմմայզէի մէջ տեղի ունենալիք տօնակատարութեան:

Սալամի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Էրիթրիոյ դեսպան Մոհամետ Օմար Մահմուտը:

Հանդիպումը ունէր հրաժեշտի բնոյթ` նկատի ունենալով Լիբանանի մէջ դեսպանին դիւանագիտական առաքելութեան աւարտը:

 

Share this Article
CATEGORIES