Վրէժ Սապունճեան Յայտարարեց ՄԱԿ-ի Հաստատութիւններուն Կողմէ Լիբանանեան Արտադրութիւններ Գնելու Համաձայնագիրը

Սապունճեան` մամլոյ ասուլիսին ընթացքին

Սապունճեան` մամլոյ ասուլիսին ընթացքին

Ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Վրէժ Սապունճեան երէկ ճարտարարուեստի նախարարութեան կեդրոնին մէջ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիս մը, որուն ներկայ գտնուեցան Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրի ներկայացուցիչ Ռոպըրթ Ուաթքինզ եւ Միջին Արեւելքի մէջ ճարտարարուեստի բարգաւաճման ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչ Քրիսթիանօ Փասինի:

Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Վ. Սապունճեան յայտարարեց ՄԱԿ-ի հաստատութիւններուն կողմէ լիբանանեան արտադրութիւններ գնելու համաձայնագիրը:

Համաձայնագիրին շրջագիծին մէջ ՄԱԿ-ի կողմէ սուրիացի գաղթականներուն տրամադրուելիք նպաստին մէջ նախապատուութիւնը պիտի տրուի լիբանանեան արտադրութիւններուն:

Վ. Սապունճեան շեշտեց, որ Լիբանանի համար ասիկա առիթ մըն է օգտուելու միջազգային կազմակերպութիւններուն կողմէ ցուցաբերուած գործակցութենէն:

Նշենք, որ Վ. Սապունճեան նախապէս հանդիպումներ ունեցած էր միջազգային կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներուն հետ եւ առաջարկած սուրիացի գաղթականներուն մատուցուող ծառայութիւններուն եւ հայթայթուող կարիքներուն պարագային օգտուիլ լիբանանեան արտադրութիւններէն` զարկ տալու համար լիբանանեան ճարտարարուեստին:

Վ. Սապունճեան նշեց, որ սուրիացի գաղթականներուն Լիբանան ժամանումով եւ անոնց թիւին արձանագրած աճով լիբանանեան տնտեսութիւնը լուրջ տագնապի դէմ յանդիման կը գտնուի` աւելցնելով, որ այս համաձայնագիրը ճարտարարուեստի նախարարութեան կողմէ առաջարկուած միջոց մըն է` թեթեւցնելու լիբանանեան տնտեսութեան բեռը:

«Այս նուաճումը շատ կարեւոր է երկրին տնտեսութեան համար: Այս համաձայնագիրին գործադրութեան մանրամասնութիւնները պիտի բացատրուին 13 փետրուար 2014-ին, «Հիլթըն» պանդոկին մէջ տեղի ունենալիք վարժանիստերուն ընթացքին», նշեց ան:

Share this Article
CATEGORIES