Պըրրի Քննարկեց Կառավարութեան Կազմութեան Ճիգերն Ու Երկրին Ապահովութեան Սպառնացող Վտանգները

Չորեքշաբթի օրուան հանդիպումէն պահ մը

Չորեքշաբթի օրուան հանդիպումէն պահ մը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին շրջագիծին մէջ ընդունեց շարք մը երեսփոխաններ, որոնց շարքին էր նաեւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան ներքին հարցերը, շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի դէմ գործուող ահաբեկչական գործողութիւնները, յատկապէս Հարաւային արուարձանները թիրախ դարձուցած վերջին պայթումին մանրամասնութիւններն ու Թրիփոլիի մէջ տիրող ապահովական ապակայունութիւնը:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ կառավարութեան կազմութեան ջանքերը: Այս առումով, խորհրդարանի նախագահը առանձին հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի եւ առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Ալի Հասան Խալիլի հետ:

Միւս կողմէ, «Ախպար» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին Պըրրի յայտնեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը այս շաբթուան ընթացքին կրնայ կազմուիլ, եթէ նախարարութիւններուն շուրջ համաձայնութիւն մը կարելի ըլլայ գոյացնել:

Նշենք, որ Պըրրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ Իրանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալի Լարիժանիէն, որ դատապարտեց Հարաւային արուարձանները հարուածած ահաբեկչական արարքը եւ ցաւակցութիւն յայտնեց Հարեթ Հըրէյքի մէջ տեղի ունեցած պայթումին պատճառած զոհերուն համար, ինչպէս նաեւ ապաքինում մաղթեց վիրաւորներուն:

Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկուեցան նաեւ Սուրիոյ տագնապին լուծման նպատակով «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին եւ շրջանին վերաբերող շարք մը հարցեր:

 

Share this Article
CATEGORIES