Նախագահ Սլէյման Շարպելի Հետ Քննարկեց Թրիփոլիի Կայունութիւնը Վերահաստատելու Քայլերը

Նախագահ Սլէյման եւ Շարպել
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպելը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի մէջ տիրող ընդհանուր կացութիւնը, ինչպէս նաեւ Թրիփոլիի իրավիճակը:
Հանդիպումին ընթացքին լուսարձակի տակ առնուեցան Թրիփոլիի զինեալ բախումները հակակշռելու եւ կայունութիւնը վերահաստատելու քայլերը:
Նախագահ Սլէյման հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի հետ:
Քննարկուեցան կառավարութեան կազմութեան վերաբերող խորհրդակցութիւններուն արդիւնքները:
Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ Ժունիէի եւ Քեսրուանի առեւտրականներու միութեան մէկ պատուիրակութիւնը, որ ընդգծեց երկրին մէջ ապահովական կայունութիւնը պարտադրելու իմաստով հանրապետութեան նախագահին դերակատարութեան կարեւորութիւնը:

