Թրիփոլիի Մէջ Արիւնահեղութիւնը Կը Շարունակուի Եւ Բանակը Յարձակումներու Թիրախ Կը Դառնայ
Պապ Թըպպանէի եւ Ժապալ Մըհսենի միջեւ զինեալ բախումները երէկ շարունակուեցան եւ աւելի սաստիկ թափ ստացան բանակին դէմ գործուած յարձակումներուն առումով:
Քաղաքացիներուն շարքերուն մէջ արձանագրուած վիրաւորներուն եւ զոհերուն վրայ աւելցան նաեւ բանակայիններ, որոնք ծանրօրէն վիրաւորուեցան` արձակազինութեան պատճառով:
Թրիփոլիի մէջ դպրոցներուն եւ համալսարաններուն մեծ մասը երէկ փակ մնաց զինեալ բախումներուն պատճառով:
Աւելի ուշ բանակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ բանակը Թրիփոլիի մէջ իր դիրքաւորումը կը շարունակէ եւ ապահովական աւելի խիստ միջոցառումներ կ՛որդեգրէ այն շրջաններուն մէջ, ուր զինեալ արձակազինութիւն կը կատարուի:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Թրիփոլիի Մալլուլէ շրջանին մէջ գտնուող բանակի մէկ զրահապատը թիրախ դարձած է զինեալներուն կողմէ արձակուած հրթիռի մը:
Ըստ հաղորդագրութեան, այդ յարձակումին ընթացքին վիրաւորուած են երկու զինուորներ:
Բանակը յայտնեց, որ իր դէմ յարձակումը գործուած է Պապ Թըպպանէի մէջ` Թալալ Իսայի, Մահմուտ Հալլաքի (ծանօթ իբրեւ Ապու Խալիլ) եւ Մոհամետ Մուսթաֆա Նհայլիի հրահանգին տակ գտնուող զինեալներուն կողմէ:
Հաղորդագրութիւնը նաեւ նշեց, որ վերջին հանգրուանի բախումներուն ընթացքին ութ զինուորներ վիրաւորուած են` աւելցնելով, որ բանակը կը հակադարձէ իր դէմ գործուող յարձակումներուն, ինչպէս նաեւ կը հետապնդէ զինեալները` զանոնք ձերբակալելու եւ դատական իշխանութիւններուն յանձնելու նպատակով:
Աւելի ուշ վիրաւորուած զինուորներէն Հիւսէյն Սաատէտտին մահացաւ` զինեալ բախումներուն ընթացքին իր ստացած ծանր վէրքերուն պատճառով:
Հանդիպում` Միքաթիի Բնակարանին Մէջ

Քապպարա եւ Միքաթի
Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ Թրիփոլիի իր բնակարանին մէջ նախագահեց հանդիպումի մը, որուն ներկայ գտնուեցան երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆայսալ Քարամէ, ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Սաֆատիի ներկայացուցիչ Ահմետ Սաֆատի, Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Քապպարա եւ բանակի գաղտնի սպասարկութեան պատասխանատուներէն Ամեր Հասան:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Թրիփոլիի ապահովական իրավիճակը, ինչպէս նաեւ որդեգրուելիք միջոցառումները` հակակշռելու համար տիրող ներկայ ապակայունութիւնը:
Հանդիպումէն ետք Միքաթի կոչ ուղղեց բոլորին վերահաստատելու բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն նկատմամբ իրենց վստահութիւնը:
«Հանդիպումին ընթացքին կտրականապէս մերժուեցան եւ դատապարտուեցան բանակին դէմ յարձակումները: Մենք այս հանդիպումները չենք կատարեր բռնարարքներու այլ հանգրուան մը սկսելու, այլ` Թրիփոլիի մէջ տիրող կացութիւնը հակակշռելու», ըսաւ Միքաթի:

Պապ Թըպպանէէն դիմակաւոր զինեալներները
ՄԻՒՍ կողմէ, երէկ լսատեսողական լրատուամիջոցներուն կողմէ սփռուեցաւ կարճ տեսանիւթ մը, որուն մէջ Պապ Թըպպանէէն դիմակաւոր զինեալներ Թրիփոլիի սիւննի համայնքին անունով Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար Սաատ Հարիրիի յղեցին կծու պատգամ մը եւ զայն ամբաստանեցին լիբանանցի նահատակներուն եւ յատկապէս իր հօր` նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի թափած արիւնը վաճառելու յանցանքով:
Դիմակաւոր զինեալները խստիւ դատապարտեցին լիբանանեան բանակին ուղղած Հարիրիի կոչը, որուն մէջ ան բանակէն խնդրած էր մուտք գործել Պապ Թըպպանէ եւ երկաթեայ բազուկով հարուածել օրինազանցները:
«Քու պատմութիւնդ եւ Թրիփոլիի տղոց պատմութիւնը ծանօթ է բոլորին. դուն Ապրայի մէջ շէյխ Ահմետ Ասիրը վաճառեցիր, նախապէս ալ վաճառած էիր հօրդ թափած արիւնը, իսկ այսօր կ՛ուզես վաճառել Թրիփոլիի երիտասարդներուն արիւնը: Սակայն մենք Աստուծոյ անունով կ՛երդնունք, որ եթէ որոշես Թրիփոլիի երիտասարդները թիրախ դարձնել, ապա մենք զայրոյթի օր պիտի յայտարարենք եւ պիտի քանդենք Թրիփոլիի մէջ գտնուող Մուսթաքպալ հոսանքի բոլոր գրասենեակները: Բոլոր գրասենեակները պիտի հրկիզենք եւ Մուսթաքպալ հոսանքի դրօշակները ոտնակոխենք»:

