Փերինչեքի Հարցով Քաղաքական Հանդիպում` Փարիզի Մէջ Զուիցերիոյ Դեսպանութեան Հետ
ՀՅԴ Ֆրանսայի Հայ դատի գրասենեակը կը հաղորդէ, որ ֆրանսահայ համայնքի պատուիրակութիւն մը, կազմուած` ՀՅԴ Ֆրանսայի Հայ դատի գրասենեակի եւ Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի ներկայացուցիչներէ, 21 յունուարին հանդիպում ունեցաւ Փարիզի մէջ Զուիցերիոյ դեսպանատան բարձրագոյն անձնակազմին հետ` Տողու Փերինչեքի հարցով դատարանի ծանօթ որոշումին կապակցութեամբ:
Մէկ ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին, հայկական պատուիրակութիւնը նախ եւ առաջ ընդգծեց, որ հայութիւնը, իբրեւ մէկ ամբողջութիւն` Հայաստան եւ սփիւռք, իր բոլո՛ր հոսանքներով, միասնակա՛ն, կ’ակնկալէ, որ Պեռն իր որոշումին մէջ մնայ յանձնառու եւ հաստատակամ ու անպայման վերադատ կարգով դիմէ Եւրոպական դատարանին, որուն իրաւունքը սահմանուած է երեք ամիս` սկսեալ 17 դեկտեմբեր 2013-էն: Պատուիրակութիւնը շեշտեց, որ այս ակնկալութիւնը համահայկական է եւ որ Զուիցերիա պարտի համապատասխան լուրջ ու յանձնառու կեցուածք որդեգրել:
Զուիցերիական կողմը ուշադիր արձանագրեց ամբողջ հանդիպման բովանդակութիւնը` քաղաքական, իրաւական, տնտեսական իր բաժանումներով, վստահեցուց, որ Պեռն ամենայն պատասխանատուութեամբ կը վերաբերի այս խնդիրին` հակառակ շրջագայող այն կարծիքին, թէ Զուիցերիա անհրաժեշտ ծանրութեամբ չի հակազդեր Եւրոպական դատարանի վճիռին, հաւաստելով, որ «նոյնիսկ եթէ ըստ տարաձայնութեանց` Պեռնի վրայ եղած են ուղղակի թէ անուղղակի թրքական ճնշումներ, որ ճիշդ չէ, Զուիցերիա միշտ ալ կը պահպանէ իր գերիշխանութիւնը եւ իրեն յարիր քաղաքական չէզոքութիւնը»:
Նոյն օրը, մասնագիտական պատուիրակութիւն մը, բաղկացած` իրաւաբաններէ եւ օրէնսգէտներէ, իր կարգին ունեցաւ հանդիպում զուիցերիական միեւնոյն անձնակազմին հետ` քննարկելու այս անգամ զուտ իրաւական դաշտին վերաբերող կէտեր այս թղթածրարին առնչութեամբ:

