Հերոս Զինուորին Յուղարկաւորութիւնը` Եռաբլուրի Մէջ. «Սահմանին Վրայ Լարուածութիւնը Հասած Է Գագաթնակէտին» Կ՛ըսէ Սէյրան Օհանեան
Հայաստան երէկ հրաժեշտ տուաւ մերօրեայ հերոս, Հայաստանի զինեալ ուժերու զինուոր Արմէն Յովհաննիսեանին: Եռաբլուրի մէջ հաւաքուած էին բազմաթիւ անձնաւորութիւններ` հրամանատարներ եւ քաղաքային պաշտօնեաներ` հրաժեշտ տալու 20 յունուարի լուսցող գիշերը ազրպէյճանական ներթափանցումի իբրեւ արդիւնք հերոսաբար զոհուած զինուորին:
Հերոս զինուորին յուղարկաւորութիւնը կատարուեցաւ զինուորական կարգով` արցախեան ազատամարտին ընթացքին զոհուած քաջերուն կողքին:
Յուղարկաւորութեան մասնակցած Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան ըսաւ, որ Արմէն Յովհաննիսեան իր երկրային կարճատեւ կեանքին ընթացքին մեր սրտերուն մէջ վաստկեցաւ մշտապէս մնալու իրաւունքը:
Նախարարը նշեց, որ հակառակորդը արժանի հարուած ստացած է տեղւոյն վրայ. դիրքին մէջ կանգնած, ինը հոգիէ բաղկացած սովորական ստորաբաժանումը ետ մղած է Ազրպէյճանի յատուկ նշանակութեան ստորաբաժանումի երկու խումբեր` շուրջ 30 հոգի, ինչ որ արդէն մեծ հերոսութիւն է:
«Հայաստանի եւ Արցախի մէջ լաւ կը հասկնան պաշտպանութեան գինը եւ ամուր կանգնած են սահմանին վրայ: Արմէնի օրինակը պիտի տարածուի ստորաբաժանումներուն մէջ եւ անով պիտի ոգեւորուին մեր զինուորները: Շուրջ երկու օր է, որ սահմանին վրայ լարուածութիւնը հասած է իր գագաթնակէտին: Երբեւէ այս քանակութեամբ կրակոցներ չեն եղած: Հասկնալի է` մտավախութիւն կայ, որ պատիժներ պիտի ըլլան: Մենք պահը պիտի գտնենք», ըսաւ Օհանեան:

