Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Ըրէք այնպէս, որ ոչինչ փոխուի օրուան համար ձեր որոշած ծրագրէն: Մնացէք ձեր զգացումներուն եւ տրամաբանութեան վրայ` առանց ազդուելու ուրիշներու կարծիքէն:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Առողջութիւնն է կեանքի հիմնական երջանկութիւնը: Լաւ քնացէք, կերէք չափաւոր, մի՛ ջղայնանաք անիմաստ հարցերու պատճառով. այդպիսով կ՛ըլլաք առողջ:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Հեռու մնացէք շառլաթան անձերէ, որոնք կ՛ուզեն իրենց չգիտցածը ուրիշներուն սորվեցնել: Այսօր կրնաք հանդիպիլ այդպիսի մէկուն, հեռացուցէք ձեր մօտէն, որպէսզի ձեր օրը չխանգարուի:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Չափաւորութիւնը ըրէք ձեր կեանքին սկզբունքը, որպէսզի մնաք անհոգ` նիւթական իմաստով մասնաւորաբար: Խնայողութեամբ կատարեցէք ձեր գնումները: Գումար մը պահեցէք անակնկալ ծախսերու համար:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Նոր տարին ձեզի համար պէտք է ըլլայ նոր որոշումներու տարի: Անցեալին կատարուած ակամայ սխալները մոռցէք, նոր եւ օգտակար ծրագիրներով շարունակեցէք ձեր աշխատանքները:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ժպտացէք կեանքին, որպէսզի կեանքն ալ ժպտի ձեզի: Ներեցէք ձեր մասին ժխտական տրամադրութիւն ունեցողներուն: Անոնք պիտի զգաստանան ձեր բարիքէն:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Կը յուսաք, որ ձեր իրագործումներով պիտի կարենաք հասնիլ ձեր նպատակին: Ասիկա ճիշդ ձեւն է լաւատես մնալու: Յոռետեսը հիւանդ մըն է:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Եթէ փոքրահասակ անձեր ունիք ձեր ընտանիքին մէջ, անոնց պահանջները կատարեցէք ամենայն սիրով: Ձեր դաստիարակութիւնը պիտի խանդավառէ:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ձեր ընկերային պարտականութիւնը մի՛ անտեսէք: Պատասխանեցէք ձեզմով հետաքրքրուողներուն բարեմաղթանքներուն: Անտարբեր մի՛ մնաք:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Եթէ ձեր ծրագիրները չյաջողին, գիտցէք, որ յարմար չեն ձեզի համար: Նման պարագաներուն վստահեցէք բարի բախտին, որ կրնայ գալ անպայման:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Նորութիւններու հետամուտ էք, ձեր հետաքրքրութիւնները պիտի իրականանան: Այս իրողութիւնը պիտի երջանկացնէ ձեզ: Մնացէք հանդարտ:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ձեր կատարած բարի գործերը պիտի լսուին եւ պիտի ունենաք հոգեկան գոհունակութիւն: Բարին մտածէ, որպէսզի բարիքներ դիմաւորեն ձեզ այսօր:

Share this Article
CATEGORIES