50 Տարի Առաջ (24 Յունուար 1964)

Սաստիկ Ցուրտ Միջին Արեւելքի Մէջ

Ձիւն` Հալէպի Մէջ, Ուր Երթեւեկը
Խանգարուած Է

175 Պարսիկներ Մեռած Են Ցուրտէն

Լիբանանի մէջ կը շարունակենք զգալ հետեւանքները ցուրտի այն ահաւոր ալիքին, որ տիրեց Միջին Արեւելքի մէջ: Թէեւ ցերեկ ատեն ջերմութիւնը տանելի է Պէյրութի մէջ, բայց գիշերը ցուրտը շատ սաստիկ է: Երէկ ջերմաչափը 5-ի իջաւ Պէյրութի մէջ, 16-ի բարձրանալէ ետք ցերեկը: Լեռներու վրայ եւ երկրի ներսերը ջերմութեան առաւելագոյն աստիճանները եղան նուազ 13` մայրիներու մէջ, նուազ 7` Տահր Էլ Պայտար եւ նուազ 6` Ռայաք:

Դամասկոսի ճամբուն վրայ, Սոֆար-Մտէյրիժ գիծը, որ բաց է հիւսիսային հովին առջեւ, երէկ տակաւին ծածկուած էր սառոյցի խաւով մը, որ ինքնաշարժներու երթեւեկը շատ կը դժուարացնէր: Ուստի այս ճամբէն անցնելու պարտաւոր եղող շարժավարներուն կը յանձնարարուի զգուշ քշել, եթէ կարելի է` շղթայ տանիլ իրենց հետ: Երէկ բազմաթիւ ինքնաշարժներ եւ բեռնակառքեր սահելով` ինկան ճամբուն եզերքը: Բայց այս արկածները մարդկային կորուստ չպատճառեցին:

Այսօրուան համար օդաչափը կը ծանուցէ ընդհանրապէս ամպոտ երկինք եւ անձրեւի կարելիութիւն:

Սուրիական Ճամբաները Փակուած

Հալէպի շրջակայքը տեղացած ձիւնին պատճառով հիւսիսային Սուրիոյ նահանգները իրարու միացնող ճամբաները փակուած են: Նոյնպէս Հալէպ քաղաքին մէջ երթեւեկը դադրած է բազմաթիւ փողոցներու մէջ: Մէկ օրուան մէջ ինքնաշարժի 223 արկածներ պատահած են: Օթոպիւս մը սահած է, ապա` տապալած, սպաննելով երթեւեկի ոստիկան մը եւ երկու կիներ: Ջուրի բազմաթիւ խողովակներ պայթած են տուներու մէջ, սառի պատճառով:

Ցուրտ` Նաեւ Սէուտական Արաբիոյ Մէջ

Ցուրտի բացառիկ ալիքը, որ տարածուեցաւ Միջին Արեւելքի վրայ, հասած է մինչեւ իսկ սէուտական անապատը, կը յայտնէ ԱՖՓ-ի մէկ հեռագիրը: Ջերմութեան աստիճանը նուազ 2-ի իջած է Ռիատի եւ Արաբիոյ գլխաւոր կեդրոններուն մէջ:

Մասնաւոր նախազգուշութիւններ ձեռք առնուեցան պաշտպանելու համար ջրհորները, որոնք սառելու սպառնալիքի տակ են:

175 Հոգի Մեռած` Իրանի Մէջ

Մինչեւ հիմա 175 հոգի մեռաւ Իրանի մէջ, այն սաստիկ ցուրտին պատճառով, որ բացառիկ է այս ձմեռ: Մեռնողներէն 10 հոգի գայլերու կեր դարձաւ: Զոհերուն թիւը հետզհետէ կ՛աւելնայ, ու ցուրտին աստիճանը տակաւ կ՛իջնէ ամբողջ երկրին մէջ: Արեւմտեան Իրանի Համատան քաղաքին մէջ նուազ 40 աստիճան ցուրտ ըրած է:

Միւս կողմէ, շազուան ցեղախումբի 140,000 անդամները ներկայիս մեկուսացուած են Ատրպատականի Մուղանի հովիտի իրենց ձմեռնային գիւղերուն մէջ` 2 միլիոն մսացու անասուններով: Հովիտը ծածկուած է ձիւնի թանձր խաւով մը: Մարդիկ եւ անասուններ պարէնի տագնապ ունին ու օդուժը կազմակերպած է օդային կամուրջ մը` այս շրջանին մէջ անկարգելով նետելու համար 2600 թոն ցորեն եւ վարսակ, որ տրուած է ամերիկեան օժանդակութեան կազմակերպութեան կողմէ:

Ինքնաշարժի եւ երկաթուղիի հաղորդակցութիւնները մեծապէս խանգարուած են: Արդարեւ, անդադար կը ձիւնէ: Նոյնիսկ ձիւնեց Պարսից ծոցի եւ Կասպից ծովու եզերքները, ուր նարնջենիներն եւ կիտրոնիները կարեւոր վնասներ կրեցին: Կասպից ծովու հիւսիսարեւելեան ջուրերը սառած են, ինչ որ չէր պատահած վերջին յիսուն տարիներու ընթացքին:

 

Կիպրահայերուն Կրած Վնասները

241 Հայ Ընտանիքներ Պարպած Են Իրենց Բնակարանները
54 Բնակարաններ` Բռնագրաւուած, 24 Տուներ Եւ 3 Խանութներ` Կողոպտուած

Նիկոսիա, 20 յունուար 1964

Կիպրոսի մէջ կացութիւնը կը մնայ լարուած: Յունական բոլոր թերթերը յոռետես են Լոնտոնի համաժողովին տալիք արդիւնքին մասին: «Էլեֆերիտ» թերթը կը թելադրէ լքել Լոնտոնը եւ դիմել Ազգերու դաշնակցութեան ժողովին: Կողմերը կը մնան իրարմէ հեռու բեւեռներ` քաղաքական իրենց պահանջներուն մէջ: Յոյները բացարձակ անկախութեան գաղափարը ընդգրկած են` փոքրամասնութիւններուն մարդկային իրաւունքները յարգելու խոստումներով: Թուրքերը բաժանումի տեսակէտը կը պաշտպանեն` ֆետերասիոն ձեռք անցընելու յոյսով, եւ առ այդ, հոն, ուր որ յոյներու հետ խառն կ՛ապրին գիւղերու մէջ, կը ստիպեն իրենց տեղացիները, որ լքեն տուն տեղ եւ անցնին զուտ թրքաբնակ գիւղեր: Ցարդ 4-5000 հոգի տեղահան եղած է: Քանի մը տեղեր, սակայն, չեն յաջողած իրենց ծրագրին մէջ, ըստ յունական թերթերու:

Նիկոսիան կը մնայ սուր կերպով բաժնուած, եւ նոմենտլենտի երկու կողմերու խանութները տակաւ կը պարպուին:

Ճիշդ է, որ Կիպրոսի խռովութիւնները սկսելէն ի վեր (դեկտեմբեր 21, 1963), մեր գաղութը մարդկային զոհ չտուաւ, սակայն տասնեակ հազարաւոր ոսկիներու հասնող վնասներու ենթարկուեցաւ եւ կը շարունակէ ենթարկուիլ… Իսկ հոգեկան տագնապը` օրուան եւ ապագայի անորոշութեանց հանդէպ, մռայլ վիճակ մը ստեղծած է:

Ըստ կառավարութեան յայտարարութեան, Նիկոսիոյ հայոց ներկայ դրութիւնը հետեւեալն է.

1.- 241 հայ ընտանիքներ պարպած են իրենց բնակարանները թրքական թաղերէն, մէկ մասը` բռնի:
2.- Հայերու սեփականութիւնը եղող 54 տուներ բռնագրաւուած են թուրքերու կողմէ:
3.- 24 հայկական բնակարաններ մասամբ կամ ամբողջովին կողոպտուած են:
4.- Կողոպտուած են հայկական երեք խանութներ:
5.- Տակաւին 12 խանութներ գոց կը մնան եւ տէրերը չեն թոյլատրուիր զանոնք պարպելու:
6.- Միայն 10 ընտանիքներ կը մնան այժմ թուրքերու կողմը:

Պարպուած բոլոր տուներուն մէջ, առհասարակ, թուրք տեղահան եղողներ զետեղուած են. երբեմն երկու կամ աւելի ընտանիք` մէկ տան մէջ:

Շուրջ 7-900 հայեր անցած են յունական թաղերը` տուն եւ խանութ գտնելու եւ բարձր ամսականներ վճարելու հարկադրանքներով: Ազգային վարժարանն ալ եկեղեցւոյ շրջափակէն փոխադրուած է յունաց կողմը:

Մեր թուրք դրացիները սկիզբները ցաւ կը յայտնէին, որ զիրենք կը լքեն հայերը: Այդ ցաւը անցած կը թուի այժմ, եւ գործի գլուխ եղող մարդիկ կը ստիպեն մնացողները, որ լքեն բնակարաննին…

Հակառակ բոլոր պատահածներուն` մեր հայրենակիցները ստոյիկեան պաղարիւնութեամբ մը կը տանին այս նոր տեղահանութիւնը:

Կարելի չէ գուշակել, թէ ի՛նչ ձեւ կրնայ առնել Կիպրոսի քաղաքական վաղուան վիճակը: Ամիսը անցաւ ծանր թէ թեթեւ արիւնահեղութիւններով, զրկանքներով ու վախերով: Նուազագոյնը քանի մը շաբաթներ եւս պիտի տեւէ այս վիճակը:

ՏՈՔԹ. Ա. ԹԱԳՒՈՐԵԱՆ

 

Share this Article
CATEGORIES