Քնանալու Եւ Արթննալու Հարցեր. Գիշերային Աշխատանքը «Մարմինը Կը Մատնէ Քաոսի»

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

Լոնտոնի գետնուղիի նորոգութեան աշխատանքներ` կէս գիշերէն ետք:

Լոնտոնի գետնուղիի նորոգութեան աշխատանքներ` կէս գիշերէն ետք:

ՄԱՐՄԻՆԸ ԼԱՐՈՒԱԾ Է ՑԵՐԵԿԸ ԱՇԽԱՏԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ԵՒ ՈՉ` ԳԻՇԵՐԸ: ՆՈՐ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԿԸ ԶԳՈՒՇԱՑՆԷ ԵՐԿԱՐ ԺԱՄԱՆԱԿԻ ՎՐԱՅ ԱՌՕՐԵԱՅ ՀԵՐԹԱԿԱՆՈՒԹԵԱՄԲ ԿԱՄ ՊԱՐԲԵՐԱԿԱՆ ԿԱՆՈՆԱՒՈՐ ԴՐՈՒԹԵԱՄԲ ԿԷՍ ԳԻՇԵՐԷՆ ՄԻՆՉԵՒ ԱՌԱՒՕՏ ԱՇԽԱՏԵԼՈՒ ՎՏԱՆԳՆԵՐԷՆ: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ, ԹԷ Ի՛ՆՉ ԱՒԵՐ ԿԸ ԳՈՐԾՈՒԻ ՄՈԼԵՔԻՒԼՆԵՐՈՒ ՄԱԿԱՐԴԱԿԻ ՎՐԱՅ, ԵՐԲ ԿԸ ԽԱՆԳԱՐՈՒԻ ՄԱՐՄՆԻՆ ԺԱՄԱՑՈՅՑԸ:

Գիշերային աշխատանքը կ՛առնչուի թիւ 2 տեսակի շաքարախտի, սրտի տագնապի եւ քաղցկեղի հետ:

Սըրիի համալսարանին Քնանալու ուսումնասիրութեան կեդրոնէն գիտնականներ ի յայտ բերած են գիշերային ժամանակացոյցով աշխատելու պատճառով ստեղծուած փոփոխութիւնները` մոլեքիւլներու ամէնէն խոր մակարդակին վրայ:

Մասնագէտներ զարմացած են` ի տես գիշերը լուսցնելու պատճառած վնասներուն տարողութեան, անմիջականութեան եւ ծանրութեան:

Մարդկային մարմինը ունի իր սեփական բնական կշռոյթը կամ ժամացոյցը, որ լարուած է` գիշերը քնանալու եւ ցերեկը աշխատելու տրամաբանութեամբ:

Գիշերային ժամանակացոյցով աշխատելու անդրադարձը շատ խոր է մարդկային մարմնին վրայ: Անիկա կը շրջէ հորմոններու գործունէութիւնը, մարմնին ջերմաստիճանը, մարզական կարողութիւնը, տրամադրութիւնը եւ ուղեղին գործունէութիւնը:

Ուսումնասիրութիւնը լոյս տեսած է «Փրոսիտինկզ աֆ տը Նեշընըլ Աքատըմի աֆ Սայընսըզ» թերթին մէջ: Անիկա կատարուած է 22 անձերու վրայ, որոնց մարմինը քնանալու եւ արթննալու բնական կշռոյթէն շեղած է, երբ անոնք սկսած են աշխատիլ գիշերը:

Արեան քննութիւններ ցոյց տուած են, թէ ծիներուն 6 առ հարիւրը, այսինքն` ծինական ժառանգութեան պատասխանատու բջիջներուն խթանները լարուած են այնպէս, որ առաւել կամ նուազ չափով աշխուժ գործեն օրուան մէջ որոշ ժամերու:

Երբ ուսումնասիրութեան մասնակցած կամաւորները սկսած են աշխատիլ ամբողջ գիշերը, ծինական այս նուրբ դրուածքը խախտած է:

Ժամանակացոյցի Քաոս

«Կշռոյթով գործող ծիներուն աւելի քան 97 առ հարիւրը դուրս եկած է կշռոյթէ, երբ կամաւորներուն քունի ժամը խանգարուած է: Եւ այս է պատճառը, թէ ինչո՛ւ անքնութենէ եւ յոգնածութենէ կը տառապինք, երբ կը ճամբորդենք ժամանակի մէկ գօտիէն միւսը, կամ երբ պարտաւոր ենք աշխատիլ գիշերային անկանոն ժամերու», կ՛ըսէ ուսումնասիրութեան մասնակցած մասնագէտներէն` Սայմըն Արչըր:

Այլ մասնագէտ մը` Տըրք-Եան Տայք կը բացատրէ, թէ մարմնին մէջ իւրաքանչիւր հիւսկէն ունի իր սեփական առօրեայ կշռոյթը: Կամաւորներու վրայ ուսումնասիրութիւնը ցոյց տուած է, թէ գիշերային աշխատանքի ժամանակացոյց որդեգրելով` կը կորսուի այս կշռոյթը, որուն պատճառով սիրտը, երիկամները եւ ուղեղը իրարմէ տարբեր ժամանակացոյցով կը գործեն:

«Ժամանակացոյցի քաոս կարելի է կոչել այս վիճակը: Կը նմանի բնակելու տան մը մէջ, ուր իւրաքանչիւր սենեակի մէջ ժամացոյց մը կայ, սակայն բոլորը խանգարուած են, ինչ որ անշուշտ պատճառ կը դառնայ, որ տան մէջ ստեղծուի քաոսային վիճակ», կ՛ըսէ Տայք:

Կարգ մը ուսումնասիրութիւններ ցոյց տուած են, թէ անոնք, որոնք գիշերը կ՛աշխատին եւ օրուան մէջ սխալ ժամու կարճատեւ քնանալու սովորութիւն մը կ՛որդեգրեն, հակամէտ կը դառնան թիւ 2 տեսակի շաքարախտի եւ սոնքութեան:

Այլ ուսումնասիրողներ կ՛ըսեն, թէ գիշերը աշխատողներ աւելի հակամէտ են սրտի տագնապի:

«Անշուշտ գիտենք, թէ գիշերային ժամերու աշխատիլը եւ ժամանակի տարբեր գօտիներու միջեւ ճամբորդելու պատճառով քունի խանգարումը կ՛առնչուին ժխտական կողմնակի ազդեցութիւններու հետ եւ ունին առողջական ժխտական հետեւանքներ», կ՛աւելցնէ Տայք:

«Հետեւանքները ի յայտ կու գան տարիներ շարունակ գիշերային ժամանակացոյցով աշխատելէ ետք: Կը հաւատանք, թէ ծինական գործունէութեան կշռոյթի փոփոխութիւնները հաւանաբար կապ ունին երկար ժամանակի վրայ յայտնուող առողջական հետեւանքներու հետ», կ՛ըսէ ան:

Մանչեսթըրի համալսարանին մէջ մարմնի ժամացոյցի գործունէութիւնը ուսումնասիրող մասնագէտ Հիւկ Փիկինզ կ՛ըսէ. «Ուսումնասիրութիւնը ցոյց կու տայ, թէ մարմնի ժամացոյցի փոփոխութեան աւերիչ հետեւանքները բաւական ծանր են»:

«Զարմանալի է, թէ ժամանակացոյցի խանգարումի այս հսկայական ներգործութիւնը որքա՛ն կարճ ժամանակի մէջ նկատելի դարձաւ: Թերեւս խանգարումը, որ տեղի կ՛ունենայ, շատ աւելի ծանր է, քան ինչ որ կը պատկերացնէինք», կ՛աւելցնէ ան:

Փիկինզ կը թելադրէ նկատի ունենալ, որ ուսումնասիրութիւնը կատարուած է կարճ ժամանակի վրայ, հետեւաբար մարմնի ժամացոյցի խանգարումի անդառնալի հետեւանքները կը մնան անորոշ: «Սակայն կարելի է երեւակայել, թէ առողջական ինչպիսի հարցեր կրնան ծագիլ», կ՛եզրակացնէ ան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES