Քնանալու Եւ Արթննալու Հարցեր. Գիշերային «Բո՞ւ», Թէ՞ Ցերեկային «Արտոյտ»

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

985LARKԱՌԱՒՕՏՈՒՆ ԿԱՅՏԱ՞Ռ ԿԸ ԶԳԱՔ, ԹԷ՞ ՔՆԱԹԱԹԱԽ: ԿԸ ՆԱԽԸՆՏՐԷՔ ԱՐԵՒԱԾԱԳԻ՞Ն ԱՐԹՆՆԱԼ, ԹԷ՞ ԳԻՇԵՐԸ ԼՈՒՍՑՆԵԼ: ԱՒԵԼԻ ԱՐԴԻՒՆԱՒԷՏ Կ՛ԱՇԽԱՏԻՔ ՕՐՈՒԱՆ ԿԱՆՈ՞ՒԽ ԺԱՄԵՐՈՒՆ, ԹԷ՞ ՈՒՇ: ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԸ ԿԱԽԵԱԼ Է ՁԵՐ ԾԻՆԱԿԱՆ ԿԱԶՄՈՒԱԾՔԷՆ, ԻՆՉՊԷՍ ԿԸ ԳՐԷ «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.»` ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԵԼՈՎ ՔՆԱՆԱԼՈՒ ԵՒ ԱՐԹՆՆԱԼՈՒ ՍՈՎՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ ՆՈՐԱԳՈՅՆ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ: ԱՆՈՆՔ ՄՏԱԾԵԼ ԿՈՒ ՏԱՆ, ԹԷ Ի ՎԵՐՋՈՅ ԿՐՆԱՅ ՇՐՋՈՒԻԼ ՑԵՐԵԿԸ ԱՇԽԱՏԻԼԸ «ԲԱՐՈՅԱՊԷՍ» ԳԵՐԱԴԱՍ ՆԿԱՏԵԼՈՒ ԿԵՑՈՒԱԾՔՆԵՐԸ:

Մեզմէ ոմանք առաւօտուն կը ցատկեն անկողինէն եւ արդէն կայտառ կը դիմաւորեն օրը: Ուրիշներ առնուազն մէկ զարթուցիչ ժամացոյցի կարիքը կը զգան: Նախընտրաբար զարթուցիչ այնպիսի ժամացոյց մը, որ քանի մը վայրկեանը անգամ մը կ՛ահազանգէ, մինչեւ որ անկողինէն դուրս գանք, որպէսզի ճիշդ ժամուն հասնինք գործի:

Իսկ ոմանք կրնան մինչեւ առաւօտեան փոքր ժամերը արթուն մնալ եւ շաղակրատել, մինչ ուրիշներ կը նախընտրեն լոյսերը մարել եւ պատմութիւն մը լսել, որպէսզի կարենան քնանալ:

Իրապէ՛ս մարդկութեան մէկ մասը գիշերային բու է, միւսը` ցերեկային արտոյտ: Իսկ այս մէկը կ՛որոշուի մեր ծիներուն կողմէ, ինչպէս կ՛ըսէ Քալիֆորնիոյ համալսարանէն ջղածինագէտ Լուիս Փթաչէք:

«Ուզենք, թէ չուզենք, մեր ծնողները մեզի փոխանցած իրենց ծիներուն ճամբով կը թելադրեն, թէ ե՛րբ պէտք է քնանանք», կ՛ըսէ ան:

Գիտնականներ սկսած են անդրադառնալ անձի մը մարմնին ժամանակացոյցին տեսակը հասկնալու կարեւորութեան: Այսինքն` գիտնալ, թէ օրուան մէջ ո՛ր ժամերուն անձ մը ամէնէն աւելի արդիւնաւէտ է:

Երբ գիտենք, թէ ի՛նչ չափով «արտոյտ» ենք կամ` «բու», կրնանք որդեգրել շաբաթը 7 օր 24 ժամ արթուն աշխարհի մը մէջ աւելի առողջ կեանք մը ապրելու ձեւ մը:

Միշիկընի համալսարանին մէջ դեղաշինութեան դասախօս Ռիք Նիուպիկ ծայրայեղ արտոյտ մըն է:

«Երբ ե-նամակներ կ՛ուղարկեմ Եւրոպայի մէջ անձերու, անոնք կը նկատեն, թէ առաւօտ կանուխ կը ստանան զանոնք», կ՛ըսէ ան:

«Կանուխ արթննալու առաւելութիւններէն մէկն ալ այն է, թէ շատ կը սիրեմ թռչունները դիտել: Հետեւաբար ինծի համար աւելի դիւրին է արեւածագին արթննալ եւ դիտել զանոնք»:

Իսկ այս առաւելութիւնը ընտանեկան է:

«Մայրս առաւօտեան  ժամը 4:00-ին մեզ դուրս կը հանէր անկողինէն` արձակուրդի երթալու համար, իսկ աղջիկս առաւօտ կանուխ մարզանք կ՛ընէ», կ՛ըսէ ան:

Ծինական Զօրաւոր Յատկանիշը

Լուիս Փթաչէք կ՛ուսումնասիրէ Ռիքի նման «արտոյտներու» ընտանիքներ, որոնք ժառանգած են կանուխ արթննալու ընտանեկան ախտը: Ան այս նիւթով սկսած է հետաքրքրուիլ, երբ իր պաշտօնակիցը` Քրիս Ճոնզ հանդիպած է 69 տարեկան մարդու մը, որ մտահոգ էր շատ կանուխ արթննալու իր սովորութեամբ, եւ որուն ախտը անտեսուած էր այն բժիշկներուն կողմէ, որոնց դիմած էր:

Փթաչէք եւ Ճոնզ քննած են անոր ընտանիքը:

«Անդրադարձանք, թէ ասիկա ծինական զօրաւոր յատկանիշ մըն էր: Ի յայտ բերինք փոփոխութեան ենթարկուած ծին մը թիւ 2 քրոմոսոմին ծայրը», կ՛ըսէ Փթաչէք:

Այս երկու մասնագէտները գիտէին, թէ երբ նմանօրինակ ծիներ փոփոխութեան կ՛ենթարկուին պտուղներու շուրջ դարձող ճանճերու եւ մուկերու քով, անոնց 24 ժամուան ժամանակացոյցը կ՛արագանայ: Փոփոխութեան ենթարկուած ծինը կը պատրաստէ տարբեր տեսակի բնասպիտ (փրոթին) մը, որ իր ներգործութիւնը ունի մարմնին ժամացոյցին վրայ:

985lark2Փթաչէք եւ Ճոնզ նաեւ կ՛ուսումնասիրեն ծայրայեղ «բուերու» ընտանիքներ, որոնք ժառանգած են ուշ արթննալու ընտանեկան ախտը: Անոնք կը կարծեն, թէ այս մէկը եւս արդիւնք է նոյն ծիներուն մէջ տարբեր ձեւի փոփոխութեան:

Ծինական նմանօրինակ փոփոխութիւններ ի յայտ եկած են կանուխ կամ ուշ արթննալու ախտէն տառապող այլ ընտանիքներու ծիներուն մէջ:

Բոլորս ունինք 24 ժամի պարբերաշրջանով աշխատող մեր ներքին ժամացոյցը, որ կազմուած է ջղային հազարաւոր բջիջներէ, որոնք տեղադրուած են ուղեղին յատակը` թռչունի թեւի նմանող կորիզի մը մէջ, որ կը կոչուի հայփոթալամուս:

Հայփոթալամուսը կը հակակշռէ մարմնին բոլոր տեսակի գործունէութիւնները, ինչպէս` հորմոններու արտադրութիւն, մարմնի ջերմաստիճանի կանոնաւորում եւ ջուրի սպառում:

Այս ներքին ժամացոյցը ինքզինք կը շտկէ ամէն օր` ցերեկը: Կը մտածենք, թէ օրը 24 ժամ է, հետեւաբար իւրաքանչիւրիս մարմնին ժամացոյցը կը հետեւի նոյն ժամանակացոյցին:

Սակայն, ո՛չ, այսպէս չէ: Եւ այս պատճառով է, որ գոյութիւն ունին գիշերային «բուեր» եւ ցերեկային «արտոյտներ»:

«Եթէ ձեր մարմնին ժամացոյցը արագ է, ապա կը նշանակէ, թէ կը սիրէք առաւօտ կանուխ կատարել ձեր գործերը: Իսկ եթէ ձեր մարմնին ժամացոյցը դանդաղ է, ապա կը սիրէք ուշ կատարել ձեր գործերը», կ՛ըսէ Սըրիի համալսարանին Քնանալու ուսումնասիրութեան կեդրոնը գլխաւորող դասախօս Տըրք-Եան Տայք:

Աշխարհի Քնանալու Քարտէսը

Մեր մարմնին ժամացոյցը անփոփոխ չի մնար ամբողջ կեանքի տեւողութեան: Անոնք, որոնք փոքր զաւակներ ունին, գիտեն, թէ անոնք հակամէտ են կանուխ արթննալու, ինչպէս` տարեցները:

Սակայն, ինչ որ ալ ըլլայ մեր մարմնին ժամացոյցին արագութիւնը, պարտաւոր ենք յարմարիլ մարդկային հաւաքական կեանքի ժամացոյցին, որուն համաձայն, աշխատանքը կազմակերպուած է առաւօտեան ժամը 9:00-էն երեկոյեան ժամը 5:00:

Նման ժամանակացոյցի մը հետեւիլը մասնաւորաբար դժուար է պատանիներուն համար, որոնք ընդհանրապէս դժուար կ՛արթննան առաւօտուն:

Լուտվիկ-Մաքսիմլիանս համալսարանի դասախօս Թիլ Ռոենպըրկ ուսումնասիրած է պատանիներու քնանալու սովորութիւնները` օգտագործելով մարմնի ժամացոյցի վերաբերող իր հարցարանը:

Կարելի է հաստատել, որ պատանիներուն ուշանալու տխրահռչակ սովորութիւնը իրական պատճառներ ունի: Անոնք աստիճանաբար կը սկսին ուշ արթննալ, եւ այս սովորութիւնը իր գագաթնակէտին կը հասնի, երբ կիները կը դառնան 19.5 տարեկան, իսկ տղամարդիկ` 21:

«Տեղեկութիւն հաւաքած ենք աւելի քան 200 հազար անձերու վերաբերեալ եւ կը յուսանք պատրաստել աշխարհի քնանալու քարտէսը», կ՛ըսէ ան:

Միացեալ Նահանգներու Պրաուն համալսարանի դասախօս Մերի Քարսքետըն պայքար կը մղէ, որպէսզի աւելի ուշ սկսին դպրոցի ժամերը:

«Անքնութեան ամէնէն յատկանշական երեւոյթներէն մէկը անոր պատճառով ստեղծուած ընկճուածութիւնն է, ինչպէս նաեւ` տխրութիւնը եւ մղումի պակասը աշակերտներուն քով», կ՛ըսէ ան:

«Պայման չէ, որ աշակերտներուն նիշերը բարձրանան, սակայն անոնց տրամադրութիւնը կը բարձրանայ, երբ դպրոցը  կը սկսի ուշ ժամու»:

Սակայն սակաւաթիւ են այն դպրոցները, որոնք կը սկսին ուշ ժամու:

Ի վերջոյ մարդոց մեծամասնութիւնը կը յարմարի օրուան աշխատանքային ընդունուած ժամանակացոյցին, թէեւ այս պատճառով կրնայ տառապիլ ահաւոր յոգնութենէ:

Քունի Խանգարում`
«
Ընկերային Ժամանակի Գօտիներու Մէջ»

Ռոենպըրկ հետաքրքրական ձեւ մը ունի նկարագրելու եւ չափելու աշխատանքային շաբթուան մը ընթացքին շատերուն ապրած անքնութեան տառապանքը:

Ռոենպըրկ զայն կը կոչէ «քունի խանգարում` ընկերային ժամանակի գօտիներու մէջ»:

Ան ի յայտ բերած է, թէ աշխատանքի օրերուն մարդիկ միջին հաշուով աւելի կանուխ կ՛արթննան, բաղդատած` արձակուրդի օրերուն: Իսկ այս երկուքին միջեւ ժամանակի տարբերութիւնը անոնց ապրած անքնութեան պատճառն է:

«Մարդիկ միջին հաշուով տեւաբար կը կուտակեն 1 կամ 2 ժամուան անքնութիւն: Ոմանց քով այս կուտակումը կրնայ հասնիլ օրական 5 ժամուան, մասնաւորաբար` երիտասարդներուն քով, որոնք պարտաւոր են արթննալ տարեցներուն արթնցած ժամուն եւ գործի երթալ», կ՛ըսէ Ռոենպըրկ:

Ընկերային ժամանակի գօտիներուն մէջ անքնութենէ տառապիլը կը նմանի իւրաքանչիւր շաբաթավերջի օդանաւով Նիւ Եորքէն Լոնտոն ճամբորդելու: Իսկ անքնութեան դէմ պայքարիլը եւ զայն յաղթահարելը շատ աւելի դժուար է ընկերային ժամանակի գօտիներուն մէջ, քան` երկրագունդի ժամանակի գօտիներուն:

Սակայն, Ռոենպըրկի համաձայն, կարելի է գտնել ընկերային ժամանակի գօտիներուն մէջ անքնութիւնը յաղթահարելու միջոցներ:

«Պէտք է փոխել աշխատանքի ժամերը եւ զանոնք յարմարցնել մեր անձին, մեր մարմնին յատուկ ժամանակացոյցին: Եթէ այս մէկը կարելի չէ, ապա շատ աւելի ուշադիր պէտք է ըլլալ լոյսին նկատմամբ», կ՛ըսէ ան:

«Պէտք է գործի երթալ ոչ թէ փակ ինքնաշարժով, այլ` հեծիկով: Արեւը մար մտնելէն անմիջապէս ետք պէտք չէ գործածել կապոյտ լոյս պարունակող սարքեր, ինչպէս` համակարգիչի պաստառ եւ ելեկտրոնային այլ իրեր»:

 

Գիշերային Աշխատողներ`
Թուիթըրի Վրայ

985LARK1

 

 

 

 

 
Տէյվ Թիլի, որ շտապ օգնութեան բաժանմունքի մը մէջ ծառայող բժիշկի մը քով աշխատած է, կ՛ըսէ. «Ամէնէն դժուար ժամը առաւօտեան 4:30-ն էր, երբ տոկալու միակ ճարը թունդ սուրճ խմելն էր եւ անանուխի հիւթով Փօլօ շաքար ծամելը»:

Ուենտի Սմեթըրսթ, բժիշկ մը, կ՛ըսէ. «Պատառ մը հաց կեր առաւօտուն, ապա քնաբեր դեղահատ մը առ, արթննալէ ետք թոներով սուրճ, թէյ եւ տուրմ սպառէ, առաւօտեան ժամը 4:30-ին նորածինի մը գալուստը դիմաւորէ աշխարհ, եւ այսպէս արթուն կը մնաս»:

Լրագրող Վիքթորիա Սքոթ կ՛ըսէ. «Փրկութիւնը շրջապատի ձայնը կտրող ականջի խցաններն են եւ աչքակապ մը: Առանց այս երկուքին կարելի չէ քնանալ ցերեկուան լոյսին եւ աղմուկին, մանաւանդ` ամրան եղանակին, երբ պատուհանները բաց են»:

Ֆիլիփփա Փերի կ՛ըսէ. «Երբ կ՛աշխատէի ՄքՏանըլտ՛ծի մէկ ճաշարանին մէջ, օր մը ամբողջ գիշերը աշխատելէ ետք փորձեցի հաց չորցնող գործիք մը նորոգել առաւօտեան ժամը 7:00-ին, սակայն մոռցայ ելեկտրական հոսանքը անջատել, եւ ելեկտրական ցնցումը զիս նետեց սենեակին միւս ծայրը: Ելեկտրական գործիքներով մի՛ խաղաք, երբ անքուն էք»:

 

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )