Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը վաւերացուց նախորդ շաբաթավերջին արձանագրուած Լիբանանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի մրցումներուն արդիւնքները` հետեւեալ ձեւով. Ախա Ահլի Ալէյ – Ահտ` 5-0, Թրիփոլի – Շապապ Սահել` 2-1, Նըժմէ – Անսար` 3-0 եւ Սալամ Զղարթա – Ռասինկ` 1-0:

Կիսաւարտականի մրցումները տեղի պիտի ունենան հետեւեալ յայտագիրին հիմամբ.

ՇԱԲԱԹ, 26 ԱՊՐԻԼ ԺԱՄ ԴԱՇՏ
Սալամ Զղարթա – Ախա Ահլի Ալէյ 15:30 Սայտա
 

ԿԻՐԱԿԻ, 27 ԱՊՐԻԼ

   
Նըժմէ – Թրիփոլի 15:30 Մարզական Աւան

Ռասինկի պատասխանատուներէն Սայիտ Ժըրիտինի մէկ տարիով կախակայուեցաւ` ֆետերասիոնին հասցէին անարգական եւ նախատական խօսքեր ըսած ըլլալուն պատճառով:

Ֆետերասիոնը հրապարակեց այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք Ա. եւ Բ. դասակարգի մրցումներուն յայտագիրը: Անոնց կու գայ միանալու նաեւ Գ. դասակարգի ախոյեանութիւնը, որ կրած է կարգ մը փոփոխութիւն, մանաւանդ ՀՄԸՄ-ի եւ ՀՄՄ-ի կատարելիք մրցումներուն գծով:

Ստորեւ` մրցումներուն յայտագիրը.

Ա. ԴԱՍԱԿԱՐԳ. 12-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ

   
ՈՒՐԲԱԹ, 24 ՅՈՒՆՈՒԱՐ ԺԱՄ ԴԱՇՏ
Ռասինկ – Թրիփոլի 15:30 Պէյրութ
ՇԱԲԱԹ, 25 ՅՈՒՆՈՒԱՐ    
Մապարրա – Ահտ 14:15 Ահտ
Նըժմէ – Սալամ Զղարթա 15:30 Սայտա
ԿԻՐԱԿԻ, 26 ՅՈՒՆՈՒԱՐ    
Թատամոն Սուր – Սաֆա 14:15 Սուր
Իժթիմահի – Շապապ Սահել 14:15 Թրիփոլի
Ախա Ահլի Ալէյ – Անսար 15:30 Պէյրութ
 

Բ. ԴԱՍԱԿԱՐԳ. 14-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ.

   
ՈՒՐԲԱԹ, 24 ՅՈՒՆՈՒԱՐ    
Շապապ Թրիփոլի – Ահլի Սայտա 14:15 Թրիփոլի
Նահտա Պար Էլիաս – Շապապ Ղազիէ 14:15 Խիարա
ՇԱԲԱԹ, 25 ՅՈՒՆՈՒԱՐ    
Ամալ Թրիփոլի – Նեպի Շիթ 14:15 Թրիփոլի
Շեպեպիթ Մազրաա – Խըյուլ 14:15 Սաֆա
ԿԻՐԱԿԻ, 26 ՅՈՒՆՈՒԱՐ    
Ահլի Նապաթիէ – Սաժես 14:15 Քֆարժոզ
Ռիատա Ուալ Ատապ – Թատամոն Պէյրութ 14:15 Սալամ Զղարթա
 

Գ. ԴԱՍԱԿԱՐԳ. Ա. ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ

   
     
ՈՒՐԲԱԹ, 24 ՅՈՒՆՈՒԱՐ  
Իսլահ Պըրժ Շիմալի – Ահլի Պըրժ Ռահհալ 14:15 Սուր
Ֆայժըր Արապսալիմ – Շապապ Հումին Թահթա 14:15 Քֆարժոզ
Ժապալ Մաժտալպաանա – Շարք 14:15 Պհամտուն
Պարժալունա.- Իրշատ 14:15 Սաֆա
ՇԱԲԱԹ, 25 ՅՈՒՆՈՒԱՐ    
Պարաղեմ Նապաթիէ – Զամալեք Պէյրութ 14:15 Քֆարժոզ
Հարըֆ Ըրտէ Խէյրի – Շապապ Արապի 14:15 Սալամ
Ամալ Մաարաքէ – Ժամհիեթ Մաարաքէ 14:15 Սուր
Պար Էլիաս – Հիլալ Հարեթ Նաամէ 14:15 Պհամտուն
ԿԻՐԱԿԻ, 26 ՅՈՒՆՈՒԱՐ    
Շեքքա – ՀՄԸՄ 11:00 Սալամ Զղարթա
ՀՄՄ – Ամալ Թրիփոլի 14:15 Անսար
Ըխուաթ Խարայեպ – Քֆար-Ռըմմալ 14:15 Պապլիէ
Նըժմէ Սահրա – Ախա Հարեթ Հըրէյք 14:15 Պուրճ Համուտ
Share this Article
CATEGORIES