Ֆութսալ. Լիբանանի Ախոյեանութիւն. Պէյրութի Դրամատունը Այսօր Կրնայ Ախոյեան Հանդիսանալ

Լիբանանի ֆութսալի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի չորրորդ ճակատումը տեղի պիտի ունենայ այսօր` հինգշաբթի, 23 յունուարին, յետմիջօրէի ժամը 15:30-ին, երբ «Էմիլ Լահուտ» մարզահամալիրին մէջ Պէյրութի դրամատունը հիւրընկալէ տիտղոսակիր Սատաքան:

Յաղթանակ մը արձանագրելու պարագային, Պէյրութի դրամատունը այսօր կրնայ հռչակուիլ Լիբանանի ախոյեան` նկատի ունենալով, որ անիկա այժմ 2-1 արդիւնքով կը գերազանցնէ ախոյեանը:

Եթէ պատահի, որ Սատաքա ինք յաղթական դուրս գայ այս ճակատումէն, պիտի յաջողի պարտադրել հինգերորդ եւ վերջին մրցումը:

Սատաքայի կազմէն դաշտ պիտի չկարենայ ներկայանալ բերդապահ Սագօ Էսքիճեան` նկատի ունենալով, որ ան իր երրորդ դեղին քարտը ստացած ըլլալուն պատճառով մէկ մրցումով կախակայուած է: Անոր փոխարէն բերդապահի պաշտօնը պիտի ստանձնէ Թարեք Թապպուշ:

Share this Article
CATEGORIES