Ազրպէյճանէն Արտագաղթած Է 1,4 Միլիոն Քաղաքացի

Immigrants_1«Միրըր» օրաթերթը յղում կատարելով Ազրպէյճանի Գաղթի կեդրոնի ղեկավար Ալովսաթ Ալիեւի` կը հաղորդէ, որ ներկայիս Ազրպէյճանի մէջ 30 հազար չարձանագրուած գաղթականներ գոյութիւն ունին, եւ անոնց թիւը կ՛աճի: Նշեալ գաղթականներուն մեծամասնութիւնը կու գայ Թիւրքմենիստանէն, Ուզպեքիստանէն, Ղազախստանէն, Փաքիստանէն եւ Ֆիլիփինեան կղզիներէն: Աւելի՛ն. Ազրպէյճան իր տնտեսական զարգացման պատճառով վերածուած է ապօրինի գաղթի տարանցման կէտի. ըստ Ալիեւի, պատճառը գաղթականի կարգավիճակ ստանալու հոլովոյթին բարդութիւնն է:

Ազրպէյճանի գաղթի օրէնքի որդեգրումէն ետք, Ազրպէյճանի մէջ օտար երկիրներու դեսպանատուներու ներկայացուցիչներէն բացի, բոլոր օտարահպատակները կրնան Ազրպէյճան մուտք գործել միայն իբրեւ զբօսաշրջիկներ եւ կեցութեան արտօնութիւն ստանալ: Ապա այցելուն պէտք է երկրին մէջ մէկ տարի մնալու համար կեցութեան ժամանակաւոր արտօնութիւն ստանայ եւ միայն այն ատեն ան կրնայ գաղթականի կարգավիճակ ստանալ: Սակայն կարգ մը քայլեր առնուած են Ազրպէյճանի մէջ գաղթականներու կացութիւնը բարելաւելու համար: Օրինակի համար, կեցութեան վայրի մէջ արձանագրութեան սակը ջնջուած է, եւ այն գաղթականները, որոնք Ազրպէյճանի քաղաքացիներու հետ կ՛ամուսնանան, աշխատանքի արտօնագիր ստանալու կարիք չեն ունենար:

Օրաթերթը կը նշէ, որ ներքին տեղափոխութեան պատճառը Պաքուի եւ Ապշերոն թերակղզիի տնտեսական աւելի մեծ զարգացումն է: Պաքուի մէջ միջին ամսականը այլ շրջաններու միջին ամսականին կրկնապատիկն է: Թոշակներու տարբերութիւնը աշխատաւորներու դէպի մայրաքաղաք ու անոր շրջապատ տեղափոխութեան կ՛առաջնորդէ: Ներկայիս գործի տէր բնակչութեան 45 առ հարիւրը կամ շուրջ 2 միլիոն մարդ Պաքուի եւ անոր արուարձաններուն մէջ կ՛աշխատի:

Գաղթականներուն մեծաթիւ ըլլալը եւս կը շարունակէ հարց մը մնալ: Ըստ կառավարական վիճակագրութեանց եւ ՄԱԿ-ի, շուրջ 1.4 միլիոն ազրպէյճանցի քաղաքացիներ կեանքի աւելի լաւ պայմաններ ու աշխատանք փնտռելով` երկրէն գաղթած են: Անոնց 82 առ հարիւրը ԱՊՀ երկիրներ գաղթած են, որոնց 61 առ հարիւրը` Ռուսիա: Եւրոպական Միութիւն գաղթածներուն համեմատութիւնը 2.5 առ հարիւր է, Իսրայէլ գաղթածներունը` 2.4 առ հարիւր, իսկ Թուրքիա գաղթածներունը` 1.3 առ հարիւր:

Օրաթերթը կը նշէ, որ փոքր եւ միջին չափի գործերը սակաւապետներու եւ սեփական մենաշնորհներու ձեռքն են:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )